ԻՄ ՆՈՐ ՍԷՐՍ… ԱՐԵՒՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Կան գիրքեր, որոնք կը կարդացուին, իսկ կան գիրքեր, որոնք քե՛զ կը կարդան։ Յոյն գրող Նիքոս Քազանծաքիսի «Յոյն Զոռպան» գիրքը այդ երկրորդն էր ինծի համար․․․ Երբ փակեցի գիրքին վերջին էջը, կարծես ափիս տակէն ալիքներ կ՚անցնէին․ բառերը տակաւին կը թեւածէին միտքիս մէջ, իսկ Յունաստանի մեղմ ու արեւայրուած գոյնը մնաց աչքիս առջեւ։ Անգիտակցաբար սիրահարուած էի։
«Յոյն Զոռպան» գիրքը ամիսներ ձեռքէս վար չդրի։ Ե՛ս չկարդացի, ի՛նք զիս կարդաց, բացաւ ներսս, ճեղքեց ու լեցուց լոյսով ու արեւով։ Երբ փակեցի գիրքը, ձայն մը միշտ իմ հետս էր․ «Ապրէ՛, մի՛ վախնար, շատ մի՛ մտածեր, միայն ապրէ»։ Այդ ձայնը Ալեքսիս Զոռպայինն էր։ Ան կը խօսէր ո՛չ միայն վէպին մէջ, այլ նաեւ իմ ներքին մարդուս հետ՝ կեանքի հանդէպ ունեցած վախերս, վերապահութիւններս եւ խեղդուած փափաքներս լուսաւորելով։ Գիրքը դարձաւ կեանքի նոր կղզի մը, ուր ամէն բան աւելի պարզ էր, բայց աւելի խոր։
Այս վէպը, ընդհանուր առմամբ, մարդու ու կեանքի հակասութիւններուն, ազատութեան եւ զգայնութեան մասին է, իսկ Զոռպայի կերպարը՝ վառ ու անկաշկանդ, այդ ամէնը կը մարմնաւորէ իր պարով։
Զոռպան ինքը կարծես իմ առջեւ բացուած ծովը ըլլար, փրփրուն, անկանխատեսելի, բարի եւ երբեմն բուռն։
Երբ Զոռպան իր պարով կը գրկէ ծովը, այդ տեսարանին մէջ կայ ամբողջ յունական փիլիսոփայութիւնը։ Պարը այստեղ այլեւս շարժում չէ․ կեանք է, աղօթք, ազատութիւն։ Ան կը պարէ, որովհետեւ այլ կերպ ապրիլ չի գիտեր։ Ցաւի մէջ կը պարէ, սիրոյ պահին՝ դարձեալ կը պարէ, եւ կը խոստովանի, թէ երբ մահն ալ մօտենայ, պիտի դիմաւորէ զայն նոյնպէս պարով։
Այդ պարը դարձաւ ինծի համար խորհրդանշան մը՝ ապրելու անկեղծութեան եւ վերապրելու կարողութեան։
Այս մարդը, որ կ՚ապրէր առանց գիրքերու, առանց կանոններու, դարձաւ ինծի դասագիրք մը՝ ազատութեան մասին։ Ան ո՛չ փիլիսոփայ էր, ո՛չ մտաւորական, բայց իր մէջ կը բնակէր այն կենդանի իմաստութիւնը, զոր հազարաւոր մտաւորականներ չեն գտներ գրադարաններուն մէջ։
Գիրքին միւս հերոսը՝ յոյն մտաւորական մը, հակառակն էր՝ մաքուր ու կանոնաւոր մտածողութիւն ունէր, գիրքերով ու գաղափարներով կեանքը կարդացած էր, բայց չէր կրցած ապրիլ կեանքին ամբողջութիւնը: Իր աշխարհը լեցուն էր բանականութեամբ, բայց երբ Զոռպան կը պարէր, ան կը յառաչէր, կը հիանար, բայց հազուագիւտ կը հետեւէր՝ պարը միայն տեսնելով՝ չէր ապրեր այն ուժը, զոր Զոռպան իր մարմնով եւ հոգիով կը հաղորդէր:
Այս երկու հակադրութիւններուն միջեւ կը բացուի ամբողջ կեանքի երկու ուղի՝ զգացմունքով ապրելու եւ միայն մտածելով, միտքով կարդալու, բայց դրսեւորուելու եւ մարմնաւորելու կարեւորութեամբ:
Զոռպային եւ գիրքին միւս հերոսին ընկերութիւնը ստեղծուեցաւ աստիճանաբար, բնական ու անզէն տեսքով՝ բնութեան եւ կեանքի ընդհանուր հոսանքով: Երիտասարդ փիլիսոփան կը փնտռէր կեանքի իմաստը։ Ան իր գրքերը կը փակէ եւ կը մեկնի Կրետէ՝ հանք մը բանալու։ Ճանապարհին կը հանդիպի Զոռպային՝ մարդ մը՝ հողէն կոշտացած ձեռքերով, բայց աչքերուն մէջ՝ ծովի գոյն եւ արեւի տաքութիւն։
Երբ յոյն մտաւորականը առաջին անգամ կը հանդիպի Ալեքսիս Զոռպային՝ ծովափին, ժայռերու ու արեւի լոյսին միջեւ, ան կ՚ապշի անոր անմիջականութեամբ, վառ զգացումներով եւ անսպառ կենսունակութեամբ: Զոռպան իր կարգին կը տեսնէ երիտասարդ մը, որ միտքերով լի է, բայց կեանքը տակաւին չէ զգացած ամբողջութեամբ:
Անոնք ընկերացան փոքրիկ զրոյցներով, համատեղ ճամբորդութիւններով եւ կեանքի պարզ պահերը կիսելով։ Զոռպան սորվեցուց իր ընկերոջը կեանքը, որ լի էր պարով, ծիծաղով, իսկ երիտասարդը Զոռպային սորվեցուց խոհեմութեամբ եւ զգայուն դիտողութեամբ ուղեկցելու լռութիւնն ու մտածողութիւնը: Հակադրութիւնները չխանգարեցին, այլ առիթ դարձան մէկը միւսին լրացնելու, հասկնալու եւ ընկերանալու՝ ամուր եւ անկեղծ:
Այդ հակասութիւնը՝ թեթեւութեան եւ լրջութեան միախառնումը, բնորոշ է Յունաստանին։ Այնտեղ, ուր ծովը կը բախի ժայռերուն, մարդն ալ կը բախի իր ճակատագրին՝ բայց կը շարունակէ երգել։
Այս գիրքին մէջ Յունաստանի ծովի խոր կապոյտը անխռով ու անմոռաց է, լողացող արեւի լոյսը ոսկի կը ցօղէ ալիքներուն վրայ, եւ ծովափին առաքինի հնութեամբ խառնուած է մարգագետիններու ու ձորերու բոյրը, ծովափէն քիչ անդին, լեռնաշղթաներու միջեւ ծառն ու ժայռը միասին կ՚երգեն երկրին անաղարտ երգը:
Ես կրկին սիրեցի Յունաստանը՝ ո՛չ քարտէսի վրայ նշուած երկիրը, այլ այն ներքին աշխարհը, որուն հողին տակ կը բողբոջէր խանդավառութիւն մը։ Սիրեցի ո՛չ թէ անոր պատմութիւնը կամ զբօսաշրջային գեղարուեստը, այլ անոր ներքին շունչը՝ այն ազատութիւնը, որ կը ծնի խոնարհութենէն։ Զոռպան ինք՝ Կրետէի արեւոտ ափերուն հասած մարդը, դարձաւ պատուհան մը դէպի ամբողջ յունական բնոյթը։
Կրետէի ժայռոտ բնութեան մէջ կը ծաղկին վարդեր ու վայրի ուրցեր, իսկ հոն կիներու աչքերը կը փայլին նոյն լոյսով, որով ծովը կը ծփայ։
Ես կը խորհէի՝ ինչո՞ւ այս պարզ մարդը, որուն բառերը երբեմն կոպիտ էին, բայց խօսքը՝ անաղարտ, կը դառնայ գրականութեան խորհրդանիշ մը։ Պատասխանը գտայ ո՛չ թէ վէպին մէջ, այլ՝ իմ մէջս։ Զոռպան սիրեցի, որովհետեւ ան ինքն էր կեանքի մերկ ճշմարտութիւնը։
Զոռպան ինծի սորվեցուց, թէ երբ մարդ կը դադրի վախնալէ, ան կը սկսի ապրիլ։
Սորվեցայ, որ ի վերջոյ, ետեւ պիտի ձգեմ քաղաքին աղմուկը, ձեւականութիւնը, վախերը, կանոնները։ Կը ձգտէի դէպի այն պարզ, ճերմակ աշխարհը, ուր մեղքը նոյնքան բնական է, որքան օրհնութիւնը։
Այդտեղէն ծնաւ իմ յունական սէրս։ Զոռպայի աշխարհը մարմնաւորուած է իբրեւ յունական կեանքի փիլիսոփայութիւն․ ապրիլ առանց կեղծիքի, կերակուր ճաշակել առանց շքեղութեան, սիրել առանց վախի։ Յունական սեղանը այդ փիլիսոփայութեան մարմնաւորումն է․ ձիթապտուղ, գինի, առանց թթխմորի հաց՝ ամէնը պարզ, բայց անմոռանալի։ Երբ Քազանծաքիս կը նկարագրէ, թէ ինչպէս Զոռպան կ՚ուտէ իր թարմ ձուկը ծովափին, կը տեսնես, թէ կերակուրն ալ արարողութիւն է։ Յունական ուտելիքը ո՛չ միայն սնունդ է, այլ տօն մը՝ կեանքի հաստատումը։
Մէկ կողմէն՝ խոհանոց, միւս կողմէն՝ ծով։ Ծովը անընդհատ ներկայ է վէպին մէջ՝ ինչպէս կեանքը անընդհատ ներկայ է Յունաստանի մէջ։ Այն երբեմն խաղաղ է, երբեմն փոթորկալից, բայց միշտ կենդանի։ Այդ ծովուն մէջ Զոռպան կը տեսնէ կեանքի խորհրդաւոր ընթացքը։ Երբ ան կը նայի ալիքներուն եւ կը մտորէ, թէ «ալիքը կու գայ ու կ՚երթայ, ինչպէս մարդը կու գայ, կը ծնի, կը մեռնի», ես մէջս կը զգամ անսպասելի հաշտութիւն մը։ Յունաստանը, իր բոլոր հակադրութիւններով, կը սորվեցնէ ընդունիլ ժամանակը՝ առանց պայքարելու անոր դէմ։
Ահա թէ ինչո՛ւ այդ գիրքը դարձաւ դուռ մը եւ ես անցայ անոր մէջէն։ Յունաստանը այլեւս չմնաց էջերուն մէջ․ զայն սկսաւ բուրել ձիթապտուղի հոտով, ծովի աղով, արեւի տաքով․․․ Զոռպայի բարբառը դարձաւ ծանօթ ձայն մը՝ զիս ծով կանչող։ Ծովու ափին կը հնչէ սիրտ ճմլող պուզուքին, ալիքները կը խփեն ժայռերուն, ինչպէս հին պատմութիւններու սկիզբը՝ երբ մարդը կը փորձէր բառ գտնել իր միայնութեան համար։ Ափերուն վրայ արեւին մարած փայլն է, ու ամէն բան կը յուշէ մոռցուած բերկրանք մը՝ սիրոյ, որուն անունը ես ալ մոռցած եմ։
Ամէն անգամ, երբ կը մտնեմ փոքրիկ յունական խոհանոց մը՝ լեցուն ուրցի ու կիտրոնի բուրմունքով, կը զգամ, թէ Զոռպան կը նստի դիմացս, կը ժպտի եւ կարծես կը հարցնէ իր հարազատ եղանակով․ «Լա՛ւ, այսքան երկար փնտռելէ վերջ, գտա՞ր վերջապէս կեանքին համը»։
Եւ ես կը պատասխանեմ լուռ ժպիտով։
Յունական մշակոյթին խորքը կը գտնես ո՛չ միայն Զոռպայի պարին, այլ նաեւ անոր լռութեան մէջ։ Երբ ան կը նստի ծովուն առջեւ ու կը դիտէ, զգացական աննկատ շարժումով մը կը դառնայ խորհրդաւոր։
Քազանծաքիս կը ձգէ, որ իր հերոսը արտայայտէ ամենապարզը, որ ամենախորունկն է։
Կեանքը այլեւս բան մը չէ, զոր պէտք է հասկնալ, այլ բան մը, զոր պէտք է ապրիլ՝ նոյն խենթ ուրախութեամբ, որով Զոռպան կը պարէր իր պարտութեան մէջ։
Ահա այդպէս սիրեցի Յունաստանը։ Զոռպայի ձայնը մինչեւ այսօր կը հնչէ ականջիս մէջ, կը հասկնամ, որ աշխարհը գեղեցիկ տեղ մըն է, եթէ մարդ գիտնայ ո՛ւր նայիլ։ Եւ ես կը նայիմ այնտեղ, ուր ալիքները կը խաղան արեւին հետ, ու կը զգամ, թէ այդ պահուն Յունաստանը իմ մէջս է՝ սիրտիս խորքը, լեզուիս վրայ, հոգիիս մէջ։
Երկիր մը, ուր կեանքը կը հոսի առանց շտապելու, ուր ծովը կը դառնայ խորհուրդ եւ ուր խմած գինիին մէջ կը հալին փիլիսոփայութիւնը, հին երգերը, թեթեւ խենթութիւնը։
Յունական մշակոյթը կը թեթեւցնէ մարդը, կը սորվեցնէ սիրել պարզութիւնը։ Անոնց տուները՝ ճերմակ լոյսի մէջ մկրտուած, կարծես ճերմակ էջեր ըլլան, որոնց վրայ արեւը կը գրէ օրուան պատմութիւնը։ Նեղ փողոցներուն մէջ ամէն կողմ կը ծաղկին ծառեր ու գեղեցիկ բոյսեր, իսկ ծովը՝ անսահման Եգէականը, կը դառնայ հայելի մը, որուն մէջ երկինքը կը դիտէ իր մաքուր երեսը։
Եւ եթէ մշակոյթը Յունաստանի հոգին է, ուտելիքը անոր լեզուն է։ Յունական սեղանը՝ բեռնուած պնակէն մինչեւ օղիով լեցուն գաւաթը, կը պատմէ իր ժողովուրդին պատմութիւնը։ Թուզի քաղցրութիւնը, ձիթապտուղի թեթեւ դառնութիւնը, բարակ փիթայի նրբութիւնը՝ ամէնը կը շաղուըւին արեւի շողերուն հետ, դարձնելով ուտելը՝ պաշտամունք մը, որով մարդ կը կապուի բնութեան։
Բայց իմ նոր սէրս այնքան խորունկ չէր ըլլար առանց այն փիլիսոփայական շունչին, որ կը շրջի Յունաստանի վրայ՝ տակաւին Պղատոնէն եւ Արիստոտելէն մնացած։ Այն գաղափարը, թէ կեանքը արուեստ է, թէ ապրիլը կը պահանջէ իմաստ, թէ ուրախութիւնը ինքնին բարոյական արժէք մըն է՝ այս բոլորը յանկարծ կենդանացան Զոռպայի շուքին մէջ։ Ան ալ ժամանակակից Սոկրատես մըն էր՝ ծովու ափին կեցած, մերկ ոտքերով, բայց հարուստ հոգիով։ Մէկ խօսքով՝ Զոռպան կեանքի խենթ փիլիսոփայութիւնն է։
Զոռպան չի խօսիր լուրջ բառերով։ Ան կը խօսի մարմնով, ծիծաղով, հացի կտորով ու գինիով լեցուն գաւաթով։ Անունը Ալեքսիս Զոռպա է, բայց իրականութեան մէջ ան՝ ինք Յունաստանն է, կեանքը, սէրը․․․
Զոռպան կ՚ապրի առանց «եթէ»ներու։ Ան կը սորվեցնէ, որ կեանքը պէտք չէ չափել, այլ՝ ճաշակել։ Կեանքը այդպէս ապրելու իր կոչերը միայն ընկերոջը չեն ուղղուած, այլ մեզի՝ ամէնքուս։ Կը համոզուիս, որ աշխարհը տակաւին կարելի է սիրել՝ առանց շքեղութեան, առանց վախի, առանց բառերու։
Վէպը լեցուն է պարզ ու խորունկ պահերով։ Ծովափ մը, ուր երկու մարդ կը խմեն գինի եւ կը խօսին Աստուծոյ մասին։ Կրետէի գիւղ մը, ուր աղքատ ժողովուրդը կը ծիծաղի իր ցաւին մէջ։ Կին մը՝ մենաւոր, որ կը մեռնի խուլ ամբոխի դաժանութենէն։ Այս բոլորին մէջ Քազանծաքիս կը գծէ մարդկային գոյութեան ամբողջ շերտերը՝ զաւեշտն ու ողբերգութիւնը իրարու կողքին։
Զոռպան մարդ մըն է, որ կրնայ լալ ու խնդալ նոյն շունչին մէջ։ Իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը պարսաւելի կը թուի քաղաքավար մարդուն, բայց ա՛յդ է իսկական ազատութիւնը։ Քազանծաքիսի գրիչը չի փնտռեր գեղեցկութիւնը, անիկա զայն կը բռնէ հողին մէջ։
Զոռպան չի վախնար սխալելէ, որովհետեւ ինք գիտէ, թէ սխալը եւս կեանքին մէկ մասն է։ Ան չի փնտռեր փրկութիւն, այլ՝ փորձառութիւն։
Այսօր, երբ մեր քաղաքները կը դառնան աւելի աղմկոտ, մեր ժամանակը՝ աւելի չափուած եւ մեր հոգիները՝ աւելի փակ, ես յաճախ կը խորհիմ՝ որքա՜ն պէտք ունինք նոր Զոռպայի մը։ Մարդու մը, որ կը յիշեցնէ մեզի, թէ կեանքը պէտք չէ ապրիլ վախով, այլ՝ համով։ Մարդու մը, որ չի չափեր օրերը՝ աշխատանքով, փառքով կամ յաջողութիւններով, այլ՝ յիշողութիւններով․․․
Ես չեմ գիտեր՝ ի՛նչ է այս վէպին իսկական ուժը։ Գո՞ւցէ անոր անկեղծութիւնը։ Գո՞ւցէ այն, որ կը յիշեցնէ մեզի մոռցուած ճշմարտութիւն մը՝ թէ կեանքը անթերի ըլլալու համար չէ ստեղծուած։ Պէտք է քանդուիլ, սիրել, կորսուիլ, լալ եւ… պարել։
ԶՈՌՊԱՅԻ ՊԱՐԻՆ ՅՕՐԻՆՈՂԸ՝ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ
Զոռպայի պարը վերածնած է շարժանկարի մէջ, զայն կը պատկանի յոյն անմահ արուեստագէտ Միքիս Թէոտորաքիսի, որու 100 տարին լրացաւ այս տարի (1925-2021): Ան գրեց գիրքին հիման վրայ նկարուած «Յոյն Զոռպան» շարժանկարին երաժշտութիւնը եւ իր շնորհիւ յունական մեղեդիներուն ալիքները հասան աշխարհի բոլոր կողմերը։ Թէոտորաքիս միայն հանճարեղ երաժիշտ մը չէր․ ան եղած է նաեւ քաղաքական գործիչ, նախարար եւ չորս անգամ ընտրուած է Յունաստանի խորհրդարանին մէջ։ Իր կեանքը եղած է շարունակական դիմադրութիւն՝ բռնութիւններու, անարդարութեան եւ անտարբերութեան դէմ։ Ան մասնակցած է ազատագրական շարժումներու, բանտարկուած է, հալածուած, բայց երբեք չէ լռած։ Թէոտորաքիս իր առողջութիւնն իսկ վտանգած է, բայց ոչ երբեք կորսնցուցած իր ձայնը։
Նոյնիսկ երբ տարեց էր ու տկար, մամուլը կը գրէր, թէ ան կը շարունակէ խօսիլ՝ զգայուն հարցերու շուրջ իր կարծիքը հնչեցնելով։ Երաժշտութիւնը իր մէջ երբեք չէր լռեր։
Թէոտորաքիս ստեղծագործած է գրեթէ բոլոր ժանրերով՝ օփերաներէն մինչեւ ժողովրդային երգ, սենեկային մեղեդիներէն մինչեւ եկեղեցական երգեցողութիւն։ Բայց այն գործը, որ իրեն համաշխարհային համբաւ բերաւ, մնաց «Յոյն Զոռպան» շարժանկարի երաժշտութիւնը՝ «Սիրթաքին», որ Կրետէի աւանդական մեղեդիներուն նոր շունչ տուաւ։
Այս մեղեդին այսօր ամենէն ճանչցուած յունական երաժշտութիւնն է աշխարհին մէջ։ Անոր ուղեկցող պարը՝ Զոռպայի պարը, դարձած է Յունաստանի խորհրդանիշներէն մէկը։ Երբ զբօսաշրջիկ մը յունական ծովափին կը բարձրանայ սեղանի մը վրայ ու կը պարէ, հոն ո՛չ միայն ուրախութիւն կայ, այլ նաեւ ազատութեան յիշողութիւն։
Թէոտորաքիս եղած է նաեւ միջազգային ճանաչումի տէր արուեստագէտ՝ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու, ներառեալ Բրիտանական ժապաւէնի ակադեմիոյ, ինչպէս նաեւ Լենինի միջազգային մրցանակին, զոր ստացաւ 1983 թուականին՝ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման համար։ 2013 թուականին ան ընտրուեցաւ Յունաստանի Կաճառի պատուոյ անդամ, իսկ 2020 թուականին պարգեւատրուեցաւ Ռուսաստանի «Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակ» շքանշանով։
Երբ կը կարդանք իր կեանքի պատմութիւնը, կը զգանք, թէ Թէոտորաքիս իրականութեան մէջ կարծես Զոռպայի երաժշտական ձայնն է։ Նոյն կրակը կայ անոր մէջ՝ սէր, վախի բացակայութիւն եւ խոր աւանդական արմատներ։ Ան իր յօրինումներով հարստացուց մարդկութեան երաժշտական գանձարանը՝ միաժամանակ պայքարելով իր ժողովուրդին արժանապատուութեան համար։
Երաժշտութիւնը, բանաստեղծութիւնը եւ պայքարը իր մէջ միաձուլուած էին։ Թէոտորաքիս մեղեդիներ գրելէն զատ նաեւ կը թարգմանէր։ Իր մեղեդիները երգած են Շերլի Պեսսի, Էտիթ Փիաֆ, Ալ Պանօ եւ նոյնիսկ «Պիթըլս» խումբը։ Աշխարհը կը ճանչնար անոր երաժշտութիւնը՝ առանց միշտ գիտնալու, թէ անոր ետին մարդ մը կայ, որ իր երիտասարդութիւնը տուած է դիմադրութեան, բանտերուն, աքսորավայրերուն։
Թէոտորաքիս նաեւ փիլիսոփայ մըն էր իր ձեւով․ կը հաւատար, թէ արուեստը պէտք է ծառայէ մարդուն, խաղաղութեան, արժանապատուութեան։ Ան հիմնած է խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան շարժումներ, ելոյթ ունեցած աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ, մասնակցած միջազգային համաժողովներու՝ կոչ ընելով զէնքի փոխարէն երգին ապաւինիլ։
Թեոտորաքիսի 100-ամեակը առիթ է խօսելու ո՛չ միայն իր մասին, այլ նաեւ այն նուիրումի, որ մեր օրերուն կրնանք շարունակել՝ սատարելով արուեստին, ազատութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան ուժին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան