Արխիւ
Գումգաբուի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մամլոյ ասուլիսը։ Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութենէ վերադարձին, Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուած է համայնքային մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ՝ ներառեալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որուն հետ է նաեւ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան։
«Եթէ մենք մեր նուիրականութիւնները մրցակցութեան մէջ պիտի դնենք, ապա մեզի համար առաջին նուիրականութիւնը մեր եկեղեցին է»:
«Եթէ մէկը Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ՚որակէ սրբապիղծ, ապա հարցը այդ կէտէն սկսեալ զիս կը հետաքրքրէ»:
«Թաւշեայ յեղափոխութիւնները եկեղեցիները կը տեսնեն ընդդիմադիր եւ կը ջանան զանոնք տկարացնել։ Հայաստանի պարագային ալ այսպէս է եւ այս հանգամանքի ամենավառ ապացոյցներէն մին է հանրակրթական դպրոցներէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի դասաւանդութեան դադրեցումը»:
«Համայնքային կեանքէն ներս ընտրեալներու կողմէ այլ ընտրեալներու հաշիւ հարցուիլը շատ աւելի դիւրին է»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գիտութիւնը կը բարձրաձայնէ, թէ գուշակութիւնները, երազի մեկնութիւններն ու կանխատեսումները գիտական ո՛չ մէկ հիմք ունին, որովհետեւ երազը ինքնին անորոշութիւն մըն է՝ պատահական պատկերներ եւ հետեւաբար անոնց ճշմարտութիւնը գիտականօրէն փաստել կարելի չէ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Երեւան եւ Թեհրան կ՚արժեւորեն ճգնաժամային իրավիճակներու պայմաններով համագործակցութեան հարցերը:
Հայաստան կը յուսայ, թէ Իսրայէլ-Իրան հրադադարը կ՚ըլլայ տեւական եւ առիթ կը դառնայ բանակցութիւններու:
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու եւ եկեղեցւոյ միջեւ ծագած լարուածութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Եկեղեցին կը խօսի իր դէմ արշաւի մը մասին, իսկ իշխանութիւնները հարցը այլ ձեւով կը մատուցեն։
Վարդեւանեան. «Եկեղեցւոյ զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ բանտարկուած բարերարը որեւէ կոչ չէ հնչեցուցած»:
Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբանը կը մատնանշէ գործադիր իշխանութեան ղեկավարի ակնյայտ հաշուեյարդարը:
Մէկ կողմ թողուլ տարակարծութիւնները եւ հետամուտ ըլլալ ազգային միասնականութեան հաստատման:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ աղօթք՝ գերիներու ազատութեան, նեղեալներու մխիթարութեան եւ Հայաստանի խաղաղութեան համար:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նոր եւ մեծ յայտնութիւն չէ, որ կ՚ուզեմ բացայայտել: Գիտեմ, որ շատեր զիս կը ճանչնան իբրեւ ամերիկաբնակ, ամերիկահայ՝ սփիւռքահայ մակդիրիս կողքին: Այս բոլորին տարբերութիւնը դո՛ւք ճշդեցէք:
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եթէ միայն հագուստներուն տեսքը այդքան անփոյթ եւ տխրեցնող չըլլար, անոր մասին պիտի ըսէին, թէ բանաստեղծ է…: Արդարեւ, վայրը ուր ընտրած էր, որպէսզի կառուցէր իր տախտակէ եւ թիթեղէ համեստ հիւղակը, ընտիր վայր է…:
Մխիթարեանի ընտանիքը վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ ապրեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի պարզէտին մէջ կազմակերպուած հանդէսը փառաշուք տօնախմբութեան մը համազօր էր՝ քանի զուգադիպեցաւ Մխիթարեանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն համախմբուեցաւ երկու ուրախ հանդէսի առթիւ, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Այդ հանդէսներէն մին Մէրամէթճեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար էր, իսկ միւսը՝ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Թուրք օդային ընկերութեան սաւառնակով վայրէջք կատարեց Իսթանպուլի օդակայանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚ուզեն պաշտել եւ իրենց սէրը եւ յարգանքը յայտնել ուժի մը, էակի մը կամ զօրութեան մը, ակնկալութիւններէ մղուած։ Արդարեւ, պաշտամունքը ընդոծին եւ աստուածատուր մղում մըն է։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեր փողոցին վրայ քով-քովի շարուած բոլոր տուներէն ներս, Քիմի հիւանդութեան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ: Քիմը՝ բոլորին միայն դէմքով ծանօթ քորէացի Քիմը, որ ամէն առաւօտ կանուխ, մեր փողոցին վերէն-վար, ամբողջ երկայքին ու լայնքին իբրեւ օրուան մարզանք, քանի մը անգամ կը չափչփէր, նոյնիսկ երբեմն քալած պահուն շուէտական մարզանքի ձեւեր ալ ընելով, այս օրերուն ծանր հիւանդ էր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Աղքատասիրութիւնը մարդուն օգուտ կու տա՞յ եւ մարդ պէ՞տք է աղքատասէր ըլլայ:
Պատասխան. Անշուշտ որ մարդ պէտք է աղքատասէր ըլլայ եւ աղքատասիրութիւնը մարդուն օգուտ կու տայ: Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Տուողին՝ Աստուած տասնապատիկը աւելի կու տայ»:
