Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գրականութեան հարուստ պատմութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր մշակոյթներու կամրջման մէջ կարեւոր դեր ունեցած են թարգմանիչները, որոնք լեզուական սահմանները անցնելով կարեւորած են գաղափարն ու փիլիսոփայական մտածողութիւնը. անոնք միակ միջոցն էին օտար աշխարհը ծանօթացնելու ուրիշներուն. անոնց թարգմանական աշխատանքն էր հայելին Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մտածողութեան եւ այդ իսկ պատճառով գրականութեան, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ կարեւոր դեր մը ունէին, սակայն այսօր կը տեսնենք, թէ նուազած է անոնց ունեցած կարեւորութիւնը, չըսելու համար ընդհանրապէս վերացած:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտը այսօրուան դրութեամբ կը դիմաւորէ բացառիկ շաբաթ մը, որու իւրաքանչիւր օրը զանոնք պիտի առաջնորդէ դէպի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնները։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս շրջանին դարձեալ կ՚աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը՝ միշտ ձգտելով երկրէն ներս իշխանափոխութեան։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժման հիման վրայ վերջին ամիսներուն սկսած եւ ամրան շրջանին միջոց մը դադար առած ընդդիմադիր շրջանակներու գործունէութիւնը ներկայիս վերստին թափ կը ստանայ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

Շաբաթավերջին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս ցուցադրութեան դրուեցաւ Անահիտ աստուածուհիի պրոնզէ քանդակը, որ բրիտանական թանգարանի հաւաքածոյին մաս կը կազմէ։ Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձի օրուան զուգադիպեցաւ այս բացառիկ հնութեան ցուցադրութեան սկիզբը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մինչեւ սեպտեմբերի 27-ը պիտի շարունակուի իր ուղեւորութիւնը, որու շրջանակներէն ներս Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի հանդիպումներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած եւ համատարած համակրանքի, յարգանքի արժանացած տիրական դէմքերէն մին՝
ՍԵԼՄԱ ԻՍՔԷՆՏԷՐԷՕԶ
Տասնամեակներ շարունակ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժերէն մին եղած էր Սելմա Իսքէնտէրէօզ, որ իր լուսահոգի ամուսնոյն՝ Պերճ Իսքէնտէրէօզի հետ հաճելի ներկայութիւն կը համարուէր համայնքային զանազան տեսակի ձեռնարկներուն։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լիբանանահայ տաղանդաւոր եւ վաղամեռիկ գրող Պետիկ Հերկելեան Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն սկսած է ճանաչում գտնել:
Մինչ այդ՝ գրական ընտրանի խաւ մը միայն գիտէր հեռաւոր Լիբանանի մէջ կարճ կեանք ունեցած, բայց բուռն ստեղծագործած այս գրողին մասին, որուն գործերը զանազան ճանապարհներով կը հասնէին Հայաստան եւ մանաւանդ կը տարածուէին ճաշակաւոր գրականութիւն գնահատողներու շրջանակէն ներս:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ Հարաւային Կովկասի համար ձեւաւորուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը յառաջիկային նախատեսուած է Անգարայի մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց այն տեղական ներկայացուցիչները, որոնք սփիւռքի գլխաւոր յանձնաժողովին կողմէ իրենց համայնքներէն ներս պաշտօնի կոչուած են՝ որպէս տուեալ շրջանի ներկայացուցիչ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-պետական քարտուղարի տեղակալ Ճոշուա Հաքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Հանքարդիւնաբերութիւնը շատ հին մարդկային գործունէութիւն մըն է եւ ան նախապատմական ժամանակաշրջանէն ի վեր առընչուած է տնտեսական ճիւղերուն կամ ինքնին տնտեսութեան հետ: Մարդ արարածին անհատական ու մանաւանդ հաւաքական կերպարի հիմնական դրսեւորումներէն մէկը տնտեսական ոլորտն է եւ այդ տնտեսութեան շարժիչ ուժը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ օրուան նախորդ մեր երկու գրութիւնները նուիրած էին Եղիազար Մուրատեանին: Առաջինին մէջ ներկայացուցած էինք անոր կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Այսօրուան կրօնը նո՛յնն է քսանմէկ դար առաջ Քրիստոսի քարոզած կրօնին՝ մարմինով ալ բացատրուած հոգիի կրօնին, կամ ինչպէս սովորութիւն է եղած ըսել, այսօրուան կրօնն է «հաւատքի եւ գործի կրօն»ը, երկուքն ալ իրարու մէջ ձուլուած, իրարու ագուցուած, մէկը միւսով ամբողջացուած, կամ իրարմով բացատրուած։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մինչեւ օրս բազմիցս բարձրաձայնած ենք սփիւռքի մէջ գրեթէ ամէն օր շարունակուող լեզուի նահանջի մասին. աւելի քան կէս դար հայ մամուլը իր մտահոգութիւնը յայտնած ու պէտք եղածէն շատ աւելի բարձրաձայնած է. սակայն այսօր կու գանք տարբեր մտահոգութեամբ. ո՛չ միայն սփիւռքի, հայրենիքի մէջ եւս վտանգուած է հայոց լեզուի ապագան:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեւանի «Մերիտիան» կեդրոնի եռօրեայ աշխատանքի աւարտին մասնակիցները արձանագրեցին բազում հում միտքեր, որոնք յառաջիկայի կրնան հասարակաց յայտարարներու վերածուիլ ու կրնան խմորուիլ տեղական առանձնայատկութիւններու լոյսին տակ: Համահայկական հարթութեան վրայ հետզհետէ կը ձեւաւորուի նոր օրակարգ մը, որու առաջադրանքները կ՚ենթարդրեն առկայ տուեալներու պակասի յաղթահարումն ու թուային շտեմարաններու հաստատումը:
Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը երէկ եզրափակուեցաւ հեռանկարային սպասումներով: Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին առթիւ մեծ ոգեւորութիւն:
Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հորիզոնին վրայ կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ փոխադարձ պատասխանատուութիւններու չափաբաժնի հաւասարակշռումը բոլոր կենսական ուղղութիւններով:
Համազգային ձգտումներու արդի պատումն ու բանաձեւումները կը բիւրեղանան՝ մասնագիտական ներուժի արժեւորման եւ յաւակնոտ ու մրցունակ ներդրումային միջավայր մը ստեղծելու առանցքներուն շուրջ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգախումբը արդէն բացաւ նոր եղանակը։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 շրջանի առաջին հաւաքը, որու ընթացքին դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան իր օրհնութիւնը տուաւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Արցախի վերջնական հայաթափման առաջին տարելիցին առթիւ։ «Տարի մը առաջ, սեպտեմբերի 19-ին, Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնիկ բնակչութիւնը՝ աւելի քան 115 հազար հայ, քանի մը օրուան ընթացքին ստիպուած եղաւ լքել սեփական բնակավայրը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Նովայի ազդեցութիւնը յայտնի է որպէս «Բախտի ողբերգութիւն» եւ կը վերաբերի իրադարձութիւններու անորոշութեան՝ ըստ մեր միջավայրի գնահատման։ Հոգեբանութեան մէջ Նովայի ազդեցութիւնը կը նմանցուի «թիթեռնիկի ազդեցութեան». իւրաքանչիւր առաջին քայլ, իրադարձութիւն կամ երեւոյթ, որ սկիզբին փոքր կամ նոյնիսկ աննշան կը թուի, կրնայ տոմինոյի ազդեցութիւնը ունենալ եւ փոխել ամբողջ ընթացքը:

Էջեր