ԱԿՆԱՐԿ - 124 - ԱՄՕԹԻ ՕՐ
27 յունիս 2025-ը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան պատմութեան նորօրեայ պատմութեան որպէս ամենէն մութ, սեւ եւ ամօթալի օրը պիտի յիշուի: Այդ օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հրամանով, մեծ թիւով ոստիկաններ, ԱԱԾ-ի յատուկ ջոկատայիններ ներխուժեցին Մայր Աթոռ, ձերբակալելու համար Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն՝ Շիրակի թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը…:
Երեւոյթը պարզապէս սարսափելի էր եւ նոյնիսկ անհաւատալի: Դարեր շարունակ արտաքին թշնամիները փորձած են յարձակումներ ձեռնարկել Մայր Աթոռի եւ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ, եկեղեցիներու դռները փակած են, հոգեւորականները տանջած, հալածած եւ նոյնիսկ գնդակահարած են…, բայց այս բոլորը անցած են եւ Հայ Եկեղեցին դարձեալ ոտքի կանգնած է, շնորհիւ իր Բարի ու Քաջ Նաւապետին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսին:
Այսօր, երբ նոյն ձեռագիրը կը գործադրուի հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ, մտածել կու տայ մեզի, որ մեր թշնամիները հասկնալով որ արտաքին միջամտութիւններով պիտի չկարենան ոչինչ փոխել, կամ հարուած հասցնել Հայ Եկեղեցիին, անցած են այլ մարտավարութեան մը, օգտագործել ներկայիս գործող իշխանութիւնները, որոնք ամէն տեսակի արժէքներէ, բարոյական սկզբունքներէ, հաւատալիքներէ եւ ազգային ոգիէ զուրկ են, վկայ անոնց իշխանութեան եօթ տարիները, որոնց ընթացքին բառիս իսկական նշանակութեամբ բոլոր ոլորտները ձախողած են եւ աւերուած:
Մտէ՛ք որեւէ մէկ համալսարան, որեւէ մէկ դպրոց, մշակութային որեւէ մէկ կառոյց, որեւէ մէկ նախարարութիւն, պետական որեւէ մէկ գրասենեակ, ականատես պիտի դառնաք աւերուածութեան, անգործութեան, ապաշնորհութեան: Բոլոր ոլորտները ձախողած են եւ օր օրի աւելի կը խորանայ այդ ձախողուածութիւնը, ապաշնորհ եւ անհեռատես կառավարման պատճառով:
Այս բոլորին եկաւ աւելնալու 27 յունիս 2025-ին Մայր Աթոռ ներխուժելու անհեռատես քայլը: Իրողութիւն մը, որ եկաւ կենդանի վկայութիւն մը ըլլալու, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս իշխանութիւնները ո՛չ մէկ առնչութիւն ունին Հայաստանի հետ, ո՛չ մէկ առնչութիւն ունին հզօր պետութիւն ունենալու տեսլականին հետ, աւելին՝ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունին հայութեան հետ: Այն բոլոր վարկածներն ու յերիւրածոյ փաստերը որոնք յառաջ կը բերեն, պարզապէս ծիծաղելի են եւ անհիմն:
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը բռնազաւթուած է թշնամիին կողմէ՝ ո՛չ մէկ յայտարարութիւն կամ գործողութիւն այդ ուղղութեամբ:
Ատրպէյճանը ո՛չ մէկ առիթ կը փախցնէ միջազգային հանրութեան մօտ սուտ լուրեր եւ տեղեկութիւններ տարածելով, պատմութիւն խեղաթիւրելով, ո՛չ մէկ արձագանգ, կամ հակադարձութիւն:
Արցախի դարաւոր մեր եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային կառոյցներն ու կոթողները կ՚ոչնչացուին, ո՛չ մէկ գործողութիւն, ընդհակառակը, երբ Մայր Աթոռը միջազգային հանրութեան մօտ ձայն բարձրացուց այս ուղղութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները իրենց ղեկավարին առաջնորդութեամբ վայրագ յարձակումի սկսան Մայր Աթոռի նկատմամբ, պատրուակ ունենալով Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու մի քանի այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ…:
Այս բոլորին նկատմամբ ո՛չ մէկ արձագանգ, յայտարարութիւն կամ գործողութիւն, բայց, երբ Հայ Եկեղեցին ձայն բարձրացուց այս բոլորին մասին՝ պարզուեցաւ, որ Հայ Եկեղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան թշնամի է, անոր հակառակ կը գործէ, եւ այլն, եւ այլն: Այսքան ապաշնորհութիւն եւ այսքան տգիտութիւն կարելի չէ երեւակայել կամ ըմբռնել:
Իրենց ապաշնորհ ղեկավարումը ծածկելու եւ իրենց սատարողներուն աչքին փոշի ցանելու համար ներխուժեցին Մայր Աթոռ, ըսելու համար, թէ տեսէ՛ք, մենք ինչե՜ր կրնանք ընել: Դուք պարզապէս ողորմելիներ էք, որ ձեր անկարողութիւնն ու անճարութիւնը փաստելու համար, ընդունակ էք նման քայլերու: Եթէ այդքան բան ընելու կարող էք, ինչո՞ւ դիւանագիտական գետնի վրայ պայքար չէք մղեր թշնամիին դէմ, ընդհակառակը, ստրուկի նման գլուխ կը խոնարհեցնէք եւ խաղաղութիւն կը մուրաք անկէ, առանց գիտակցելու, թէ խաղաղութիւնը ո՛չ կը մուրան, այլ՝ խաղաղութիւնը արժանապատուօրէն ձեռք կը ձգեն:
Չնայած որո՞ւ կը խօսիս արժանապատուութեան մասին…:
***
Պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցին յարձակումներու ենթարկուած է, ո՛չ միայն որպէս կրօնական կառոյց ըլլալու հանգամանքէն ելլելով, այլեւ՝ որպէս ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամրոց: Այսպէս, պարսիկները, արաբները, սելճուք-թաթարները, օսմանցիներն ու խորհրդային իշխանութիւնները ամէն կերպով փորձած են կոտրել Հայ Եկեղեցւոյ բունը, բայց չեն յաջողած: Եկեղեցիներ ու վանքեր՝ աւերուած ու հրդեհուած են, մզկիթի եւ գոմերու վերածուած են, բայց եւ այնպէս չե՛ն հասած իրենց նպատակին եւ Հայ Եկեղեցին շարունակած է պաշտպան ու պահապան ըլլալ հայու ինքնութեան:
27 յունիս 2025-ին, գործող իշխանութիւնները վերը թուարկուած թշնամիներուն միանալով, նմանատիպ փորձ կատարեցին, կարծելով ու մտածելով, թէ պիտի կարենան յաջողութեան հասնիլ…: Բնականաբար, գործող իշխանութիւնները այդտեղ կանգ պիտի չառնեն եւ պիտի շարունակեն իրենց ապաշնորհ գործունէութիւնը, անտեսելով ու ոտնակոխելով ամէն տեսակի սրբութիւն, ամէն տեսակի ազգային մտածելակերպ ու ազգային ոգի:
Հայ Եկեղեցին, ինչպէս վերը նշեցի, կանգուն է իր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ, եւ նման մարդկային յարձակումներն ու խոշտանգումները ո՛չ թէ պիտի տկարացնեն զայն, այլ՝ ա՛լ աւելի պիտի զօրացնեն, ամրացնեն զայն իր Գլուխին՝ Քրիստոսին, որով ո՛չ մէկ յարձակում պիտի կարենայ թուլացնել կամ կազմաքանդել զայն: Իսկ անոնք որոնք կը մտածեն, թէ իրենց կատարածը յանուն եկեղեցւոյ է եւ եկեղեցիին բարեկարգութեան համար, ապա չարաչար կը սխալին, որովհետեւ եկեղեցւոյ ներքին խնդիրները ո՛չ թէ ինչ-որ քաղաքական ուժ, կամ երկրի իշխանութիւն պիտի լուծէ, այլ՝ եկեղեցին ինք իր խնդիրները կը լուծէ եւ միայն ի՛նք իրաւասու է այդ խնդիրները լուծելու: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու փորացաւը յայտնի ու պարզ է, Հայ Եկեղեցին վերածել նախարարութեան մը, որով իշխանութեան գլուխ գտնուող անձը, հեռաձայնի մէկ նամակով կաթողիկոս փոխէ, առաջնորդ փոխէ, եւ այլն…: Այդ պարզապէս անիրականալի երազ մըն է եւ երազ ալ պիտի մնայ…:
Ինչ կը վերաբերի ուժային կառոյցներուն՝ ոստիկանութիւն, ԱԱԾ-ը եւ այլն, ապա լաւ պիտի ըլլայ եղբայրներ եւ քոյրեր, որ նախքան որեւէ մէկ հրաման կատարել, երբեմն մտածէք, թէ արդեօք ճի՞շդ է այդ հրամանը կատարելը, արդեօք պատի՞ւ կը բերէ ձեզի ու ձեր երեխաներուն այդ հրամանը կատարելը, արդեօք այդ հրամանի գործադրութիւնը օգո՞ւտ կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան: Մի՛ մոռնաք, որ դուք եւս մարդ էք, եւ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ մարդ ըլլալու բոլոր կարելիութիւնները տրուած են ձեզի: Որոշումը ձե՛րն է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
30 յունիս 2025, Վաղարշապատ