Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային էութեան մէջ, ինքն իր «Ես»ին դէմ պայքարը ամենամեծն է մղուած բոլոր պայքարներուն նկատմամբ։ Արդարեւ, ամենէն դժուարն է պարտել «Ես»ը, քանի որ ան ներքնապէս կը դիմադրէ արտաքին ամէն ազդեցութեան եւ կ՚ուզէ միշտ յաղթական ելլել այդ պայքարէն եւ երբեք չի նահանջեր եւ զիջողութիւն ցոյց չի տար այդ մասին։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրիա։ Ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախարարը առաջին առթիւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի կողմէ հիւրնկալուեցաւ նախարարը։ Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներէն Նորա Արիսեան։
Շաբաթավերջին Արցախի ճակատին վրայ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Այսպէս, սեպտեմբերի 22-ին, ժամը 16.00-ի սահմաններուն, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արցախ Յովսէփեան (1998)։
Արմէն Սարգսեան Շամոնի հաւաքին մասնակցեցաւ՝ որպէս գլխաւոր բանախօս:
Հայաստանի նախագահը տեսակցեցաւ համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու վարիչներուն հետ:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան արտահերթ համագումարը։ Արդիւնքին Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Վանեցեան։
Երեւանի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ ընտրողներու 43.65 տոկոսը:
Հայկ Մարութեանի յաղթանակը եկաւ ապացուցանել Հայաստանի նոր ղեկավարութեան վայելած ժողովրդական աջակցութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Դիմագիրք»ի իր էջին վրայ շաբաթավերջին հրապարակեց ուշագրաւ լուսանկար մը։ Այսպէս, սա Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի լուսանկարն էր։ Հայաստանի վարչապետն ու Նորին Սրբութիւնը շաբաթավերջին միասնաբար ուղեւորուեցան Նիւ Եորք։
Հայկական գորգերու արտադրութիւնը առաջին կիսամեակին 72.2 տոկոսով աճած է։ Այսպէս, հայկական գորգերու արտադրութիւնը այս տարի զգալիօրէն աճած է:
Ֆայնպերկ Սարգսեանի 70-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ նկարիչի անհատական ցուցահանդէսով։ Այսպէս, նկարիչ Ֆայնպերկ Սարգսեանի «Մարիան արեւածաղիկներով», «Մտորում», «Ղարաբաղ», «Իմ ընտանիքը» եւ 51 գունեղ, պայծառ այլ կտաւներ ներկայացուած են անոր անհատական ցուցահանէսին մէջ:
Արթուր Աբրահամ բարեգործական նպատակով մասնակցեցաւ Պերլինի 45-րդ մարաթոնին։ Այսպէս, հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ «Մենք կ՚օգնենք երեխաներուն» կարգախօսին տակ բարեգործական նպատակով մասնակցեցաւ Պերլինի 45-րդ մարաթոնին:
Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս։ Այսպէս, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով, աշնան պիտի իրականացուի «Ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս. Հայաստան, 2018 - ժամանակակից արուեստի հնչիւններ» խորագրով:
Աշխարհահռչակ երգիչի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ հետեւողական դիտարկումներ:
Այգ Փոթուքեան 2000 թուականէն ի վեր համացանցի միջոցաւ կը խորանայ Շարլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ գագաթաժողովին ընդառաջ կարեւոր հաւաք:
Պրիւքսելի մէջ 85 երկիրներէ դիւանագէտներ ծանօթացան նախապատրաստական աշխատանքներու արդիւնքին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ վաղը (կիրակի), առաւօտեան ժամը 10.00-ին, մեներգչուհի Սիպիլ հանդէս պիտի գայ CNN Türk հեռուստակայանէն։ Սիպիլ պիտի ըլլայ հաղորդավար Հաքան Չելիքի հիւրը՝ «Haftasonu keyfi» ծրագրի ընթացքին։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ղուկաս բառին լատիներէն տառադարձութիւնն է Lucanus կամ Lucius, որ կը նշանակէ «լոյս կրող»։
Ըստ Եւսեբիոսի եւ Հիերոնիմոսի, Ղուկաս ասորի էր Անտիոք քաղաքէն, որովհետեւ իր գրութեանց մէջ այդ տեղանունը շատ գորածած է։ Միւս կողմէ, կ՚ըսուի թէ ան Փիլիպպէէն մակեդոնացի մըն էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան (ՍԴՀ) կուսակցութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչը՝ մահու պատիժը գործադրելու պարզ գործիք մըն էր, սակայն Փրկչին Խաչը՝ խորհրդանիշը եղաւ Արդարութեան եւ Փրկութեան։ Այս ըմբռնումով է, որ քրիստոնէական հին եկեղեցիներ Խաչը փառաւորեցին, եւ խաչի յատուկ տօներ՝ թանկագի՜ն եղան երկիւղած հոգիներու համար։
Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան վերջերս արձագանգեց Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ նախատեսուած բարեփոխումներուն։ Ան ողջունելի համարեց մանաւանդ զբօսաշրջութեան ոլորտէ ներս բարեփոխումներու իրականացման առումով Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։
Միջերկրականի արեւելքին մինչեւ 2022-ը պիտի կառուցուի նոր կազամուղ մը:
Յունական Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Եգիպտոս։ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Մխիթար Հայրապետեան պիտի մէկտեղուի եգիպտահայ համայնքի շրջանակներուն հետ։