Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ երէկ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ։ Բարեկենդանի այս ճաշկերոյթը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Սովորաբար Բուն Բարեկենդանը կը տօնուի Մեծ պահքին նախորդող առաջին կիրակի օրը: Ընդունուած է զայն անուանել նաեւ «հայկական դիմակահանդէս»:
Բարեկենդան բառը ստուգաբանօրէն կը նշանակէ «բարի կենդանութիւն». այսինքն՝ ան աղերս է, խնդրանք եւ մաղթանք՝ ըլլալու բարի, առողջ, կենսալից:

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։ Դպրոցի բոլոր յարկերը յարդարուած էին այս խրախճանքին համար։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցան խրախճանքներ։ Տղաքը նոյն ամբողջին մէջ տեղեկութիւններ քաղեցին Ս. Վարդանանց պատերազմի եւ նահատակներու մասին։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

Ս. Վարդանանց աւանդական փայլուն տօնակատարութիւններ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ աստիճանները յանձնուեցան հանդիսաւորապէս:

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու։ Ալիեւ նշեց, որ Զուրապիշվիլիի այցը Ատրպէյճան-Վրաստան յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ շատ կարեւոր քայլ մըն է։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

Հայասատանի մէջ այսօր կ՚ոգեկոչուին 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերու զոհերը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առաւօտ այցելեց Երեւանի Միասնիկեանի արձանի հրապարակը, ուր թողուց ծաղկեփունջ մը եւ իր յարգանքի տուրքը մատոյց զոհերու յիշատակին։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

Եւրոմիութեան BREXIT-ի աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպաստիան Քուրցի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Միշել Պառնիէ յայտնեց, որ BREXIT-ի վերաբերեալ առնուելիք որոշումը աւելի կարեւոր է՝ քան ժամկէտի երկարաձգումը։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

Դէպի Իրան այցելութեան օրերուն Հայաստանի վարչապետը խօսեցաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու առկայ փակուղիին մասին:
Նիկոլ Փաշինեան. «Անգարայի իշխանութիւններու դիրքորոշումը որեւէ հնարաւորութիւն չի թողուր լրջօրէն խօսելու համար, այսօր ան ունի նախապայման մը»:

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիստոնէական բարոյականը զօրացած է Քրիստոսի գերագոյն անձնազոհութեան օրինակովը։ Ուստի Ան օրէնքին հնազանդելով չէ՛ որ կը քարոզէր, որեւէ շահու ակնկալութիւն Իր տեսութենէն դուրս միայն կրնար գոյութիւն ունեցած ըլլալ, երբ «Ես ձրի պիտի տամ կենաց ջուրի աղբիւրէն», կ՚ըսէ Աստուած, ամէն անոնց՝ որոնք «մաքուր սիրտ» կրելու մտադրութեան մէջ չեն դեդեւիր երկիւղով, որոնք չե՛ն անհաւատիր իր փրկարար կոչումին, եւ որոնք «Պղծութենէ՝ կռապաշտութենէ եւ ստախօսութենէ» կը հրաժարին (ՅԱՅՏ. ԻԱ 6-8)։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հո՛վ ա­րէք, ամ­պե՛ր ջան,
հո՛վ ա­րէք, 
Իմ տար­տին դար­մա՛ն ա­րէք... 

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե դարուն երկրորդ մասը, շատ ծանր եւ յուզումնալից շրջան մըն է եղած հայ ժողովուրդին համար։
Յազկերտի բռնած քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ ձուլել էր զանոնք կրօնքով պարսից հետ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերնագիրին մէջ նշած եմ «Վարդանանց ճակատամարտի տօնին առիթով»: Շատերու համար կրնայ զարմանալի թուիլ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ճակատամարտն ու տօնը մէկտեղուին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

Տեսակցեցաւ՝ 
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մշտարթուն, խնդումերես, սրամիտ, լաւատես ու առնակազմ՝ Յակոբ Կիւլէչ։ Մարդ՝ որ կ՚ապրի՛, կը շնչէ՛ պարով։ Պարով կը սկսի ու կ՚աւարտի անոր իւրաքանչիւր օրը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցնող օրերուն լրահոսին մէջ լուր մը ուշադրութիւնս գրաւեց. Պանկլատէշի հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիին մէջ, երկար տարիներու դադարէ ետք, պսակի արարողութիւն մը տեղի ունեցած է: Լուրը կը մանրամասնէր, որ քրիստոնէական այդ եկեղեցին Տաքքա քաղաքի հայոց Սուրբ Յարութիւն հին եկեղեցին է, իսկ ամուսնացողը տեղացի զոյգ մըն է՝ Ռոնալտ Տասն ու Մրիտուլա Կայտէնը: 

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սանասարեան խանի հարցին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները մեր համայնքի օրակարգին վրայ են։ Սա երկար գործընթաց մըն է, որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր համայնքին համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Սա ազգային-եկեղեցական նշանակութեամբ մեծ տօն մըն է ու կարեւոր խորհրդանշան մը՝ հայ ժողովուրդի կողմէ խղճի ազատութեան նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան առումով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ նոր գիրք մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տ. Մեսրոպ Արք. Տէր-Մովսիսեանի «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց հայկական թարգմանութեան» աշխատութիւնն է այս մէկը, որ ռուսերէնէ թարգմանուած է Սուսաննա Նահապետեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ օգնական Ճերըտ Քուշնէրը, որ միեւնոյն ժամանակ անոր փեսան է։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց Պեշթեփէի զրոյցը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածքաշրջանային հարցեր։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019

Հայաստան եւ Իրան կը ձգտին զարգացնել իրենց բազմաոլորտ համագործակցութիւնը՝ որպէս հարեւաններ:
Փաշինեան եւ Խամանէյ համակարծիք՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ ու տեւական կարգաւորման շուրջ:

Էջեր