Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարներուն միջեւ երկրորդ հանդիպումը:
Տանըլտ Թրամփ եւ Քիմ Եոնկ Ուն թէեւ դրական զրոյց մը ունեցան, սակայն չստորագրեցին որեւէ փաստաթուղթ:
Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ Պատրիարքական Աթոռի իրաւաբանները բազմակողմանի աշխատանք կը տանին:
Փաստաբաններ Ալի Էլպէյօղլու եւ Առէն Տատրօղլու Վճռաբեկ ատեանի հակասական որոշումներէն վերջ դիմեցին Սահմանադրական ատեան՝ վիճարկելու համար նախապէս տրուած իրերամերժ որոշումները: Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ալ կը պահանջուի Սիրքէճիի պատմական կալուածի հասոյթը օգտագործել՝ կտակով նախատեսուած նպատակներուն համապատասխան:
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ խորհրդարանին մէջ հերթական անգամ ելոյթով մը հանդէս եկաւ BREXIT-ի շուրջ։ Ան յայտնեց, որ եթէ Եւրոմիութեան հետ՝ վերատեսութեան ենթարկուած ու համաձայնեցուած BREXIT-ի համաձայնութեան տարբերակն ալ մերժուի խորհրդարանին կողմէ, ապա օրակարգի վրայ պիտի գան առանց համաձայնութեան բաժանումի եւ կամ BREXIT-ի ժամկէտի յետաձգման վարկածները։
Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ երէկ յանկարծ աննախընթաց լարուածութիւն մը ծագեցաւ եւ այդ մէկը կը հասնի պատերազմական իրավիճակի մը եզրին։ Իսլամապատի եւ Նիւ Տելհիի ղեկավարութիւններուն միջեւ շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր տարաձայնութիւնները հասած էին լուրջ համեմատութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան։ Իրեն կ՚ընկերանան տիկինը՝ Աննա Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ հրաւէր քաղաքավարական արարք մըն է, իսկ հրաւէրին ընդառաջել, սիրով ընդունիլ՝ բարեկամական արտայայտութիւն մըն է եւ նաեւ՝ մտերմութեան նշանակ։ Իսկ եթէ բանաւոր պատճառով մը կարելի պիտի չըլլայ ընդառաջել հրաւէրին, պատշաճ կերպով մը պատասխանել՝ կենցաղագիտութեան հա՛րց։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւանի արուարձաններէն մէկուն մէջ՝ իւր չափահաս երկու զաւակներուն հետ կը բնակի Տիկին Անահիտը։ Երբեմնի գեղանի տիկինը, որ այսօր միջին տարիքի հասած միայնակ մայր մըն է, դժբախտաբար՝ ճակատագրի հեգնանքով քառորդ դար առաջ տեղի ունեցած պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած է իր սիրասուն ամուսինը։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
«Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղ»ին կամ «Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղ»ին մասին լսած էք վստահ։ Մուսա լերան Վաքըֆգիւղի մասին այդպէս կ՚ըսեն. Թուրքիոյ մէջ ուսումնական կեցութեանս ընթացքին առիթը ունեցած եմ նաեւ այցելել այնտեղ, ու թերեւս օր մը գրեմ նաեւ այդ մասին։
Ուսուցչաց հիմնարկի Կրթական յանձնախումբը ÖRAV-ի հետ համագործակցաբար կազմակերպեց պոլսահայ նախակրթարանի ուսուցիչներուն ուղղեալ «Ուսանող առաջնորդ ուսուցիչ» անուն երկօրեայ աշխատանք մը, որ տեղի ունեցաւ Տատեան վարժարանի մէջ, 16-17 փետրուար 2019, շաբաթ եւ կիրակի օրերը (անցեալ շաբաթավերջին), 09.00-17.00 ժամերուն միջեւ։ Աշխատանքի մասնակցեցան իւրաքանչիւր նախակրթարանէ նախապէս որոշուած երկուքական ուսուցիչներ:
Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց ներկայ գտնուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր հայրերը։
Եւրոմիութեան օժանդակութեամբ Կազիանթէպի մէջ պիտի հիմնուի Անատոլուի Հնագիտութեան եւ մշակութային ժառանգութեան կաճառը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Եւրոմիութեան կողմէ 7.5 միլիոն եւրօ յատկացուած է այս ծրագրին համար։
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նուագահանդէս մը։ Յայտնի դաշնակահար Սվետլանա Նաւասարդեան հանդէս եկաւ համերգով մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական ուշադրութեան։
«Հայաստանի ստացած դրամական աջակցութեան չափը էապէս պիտի աւելնայ յառաջիկայ շրջանին»:
Երեւանի եւ Եւրոմիութեան ապագայ համագործակցութեան ճանապարհային քարտէսը պիտի յստականայ մինչեւ մարտի վերջը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Հոգեւոր արժէքներու վրայ ամուր հաստատուած հասարակութիւնն է, որ կրնայ իր կեանքի վերընթացը կերտել»:
«Հայրենիքի անսասանութեան ու հայ ժողովուրդի հոգեւոր ինքնութեան անխաթար պահպանման տեսլականը եղած է Ս. Ղեւոնդեանց պայքարի անկիւնաքարը»:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, որուն կ՚ընկերանար եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք «Ս. Թագաւոր» մատենաշարէն վերջերս հրատարակուեցան՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի հեղինակութեամբ պատրաստուած երկու գիրքեր։
Մէրամէթճեան վարժարանի սաներուն յաջող երեկոյթը՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրուան առթիւ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան պատուեց «Շիրինօղլու» սրահի ձեռնարկը:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աւարտական դասարանի սաները։ Այս տարի դպրոցի վերջին դասարանի տղաքը Հայաստանի մէջ քննութիւն յանձնելու կը մեկնին մաս առ մաս։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ յառաջիկայ գարնան Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելենական համերգ մը, որ կազմակերպուած է յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունիի 75-ամեակին առթիւ։ Հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հեղինակաւոր անուններէն մին է Շահան Արծրունի, որ նախկին պոլսահայ մը ըլլալու բերումով մեր համայնքէն ներս առանձնայատուկ համակրանք կը վայելէ։
Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ ջանքեր. յստակ թուական չկայ:
Հայաստանի վարչապետը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Սամաթիոյ ընտանիքը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ անժամանակ մահացած հարազատին:
Նորոգ հանգուցեալ Աւետիս Արզումանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: