Արխիւ
Նիժերիոյ մէջ վերջին օրերուն աւելի քան հարիւր հոգի զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Տեւական տեղատարափներէ յետոյ ափերէն դուրս եկած են երկրի երկու խոշորագոյն գետերը՝ Նիժերը եւ Պենուէն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հարաւային եւ Հիւսիսային Քարոլայնայի նահանգներուն մէջ «Ֆլորենս» փոթորիկի զոհերու թիւը հատած է տասնհինգի սահմանը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, նախապէս հաղորդուած էր 11 զոհերու մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տարինե՜ր առաջ, եթէ չեմ սխալիր, 1970-ական թուականներուն էր, դպրոցական ընկեր մը, իմ ամէն օր անցած ճամբուս վրայ, խանութ մը կ՚աշխատէր։ Ամէն անգամ որ առիթը ունենայի եւ ինքն ալ յարմար ըլլար, կը տեսնէի զինք եւ «հինէն-նորէն» կը խօսէինք, թէ՛ դպրոցական յուշերը կ՚արթնցնէինք եւ թէ՛ օրուան զանազան իրադարձութիւններու մասին կարճ, բայց շատ հաճելի խօսակցութիւններ կ՚ունենայինք։
Էրտողան եւ Փութին երէկ Սոչիի մէջ բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեցին Սուրիոյ տագնապին շուրջ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ փոխըմբռնում մը գոյացաւ՝ որպէսզի Իտլիպի հարցը կարգաւորուի անզէն ձեւով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց World Vision միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածքաշրջանային ֆորումի մասնակիցները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի շունչը կրկին վերադարձաւ իր ծննդավայրը՝ Ֆրեզնօ, ուր, վերջին շրջանին, իր ծննդեան 110-ամեակին առթիւ, բացուեցաւ տուն-թանգարանը: Այդ տան մէջ Սարոյեան ապրած է կեանքին վերջին 17 տարիները, հոն գրած է աշխարհահռչակ ստեղծագործութիւններէն մի քանին:
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բարեկամութիւնը մեր վարքին եւ երջանկութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, ուստի մենք մեր բարեկամներուն մէջ պէտք չէ [միայն] բնական համակրութիւն եւ պատրաստակամ ծառայութիւն փնտռենք, այլ՝ առաւելաբար պարտաւոր ենք լուսաւորուած միտք, առողջ դատողութիւն, ճշմարիտ հաւատք եւ առաքինութեան ունակութիւն փնտռենք. «Բնաւ անհաւատներուն լծակից մի՛ ըլլաք։
Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ մեր համայնքի իսկապէս սիրելի անդամուհիներէն լուսահոգի Նատիա Կիւլմէզկիլ, որու անթառամ յիշատակը բոլորը ցայսօր կը կրեն իրենց սրտին մէջ։ Նատիա Կիւլմէզկիլի անժամանակ մահը երկու տարի առաջ խոր ցաւ պատճառած էր մեր ամբողջ համայնքին եւ այդ վէրքը տակաւին չէ սպիացած։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ երէկ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ։ Մեր այս պատմական սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութեան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Դեմոկրատական Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ 1932-ին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ ապահովելով քուէներուն 57 առ հարիւրը: 1933-ին անոր երդման արարողութեան ժամանակ աշխատաւորներուն մէկ չորրորդը անգործ էր եւ երկրին արտադրութիւնը 1929-ի Տնտեսական մեծ ճգնաժամին պատճառով նուազած էր կէսի:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբերի 7-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը ժամանակակից մեր գրականութեան մեծատաղանդ արձակագիրներէն Աղասի Այվազեանի (1925-2007)։
7 սեպտեմբեր 1925-ին, Խորհրդային Վրաստանի Ապասթուման աւանին մէջ, հայոց պատմական Կարին քաղաքէն գաղթած հայ ընտանիքի յարկին տակ ծնաւ շնորհալի մանուկ մը՝ Աղասի Այվազեան անունով, որ խորհրդային կոչուած աշխարհին մէջ մաքառելով իր ուղին հարթեց եւ կրցաւ, գեղարուեստական իր տաղանդով ու գրական ստեղծագործութեան բեղուն վաստակով, դառնալ հայ արձակի եւ բեմագրութեան արժանաւոր վարպետներէն մին, այլեւ՝ հայ մտաւորականի իրա՛ւ տիպար մը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Եկեղեցին յարատեւօրէն զարգացում ապրող մեծ ընտանիք մըն է, ուր բոլորս միասին կ՚աշխատինք քով-քովի գալով՝ մեր մէջ գտնելու քրիստոնէական մեր նը-կարագիրը, սորվելու մեր Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, հասկնալու մեր Ս. Պատարագի խորհուրդը եւ դառնալու հոգեւոր տաճարը նիւթական շէնքին մէջ»։
Հայ Եկեղեցին քրիոստոնէական վարդապետութեան եւ դաւանանքին բնօրրանը ըլլալով՝ է՛ նաեւ հայ մշակոյթի եւ հայապահպանման օճախը։
Շաբաթավերջին «Լիւթֆի Քըրտար» համագումարներու եւ ցուցահանդէսներու միջազգային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» մրցանակի 2018 թուականի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը յանձնուին սոյն մրցանակները։ Աւանդութեան վերածուած է, որ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի ծննդեան տարեդարձին օրը՝ 15 սեպտեմբերին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը արդեօք անվերջ կրկնութիւններու ամուլ շրջան մը կամ անհասանելի նպատակի մը ընթա՞ցքն է։
Երբ հապճեպ ակնարկ մը նետենք անցեալին եւ զայն բաղդատենք ներկայ ժամանակով՝ պիտի տեսնենք, որ շատ բան չէ փոխուած, միայն անձեր եւ միայն արտաքին երեւոյթներ, բայց ըստ էութեան նո՛յն տեսարանն է, որ կը պարզուի մեր առջեւ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2018-2019 կրթական շրջանի սկիզբին ծաւալուն հարցազրոյց մը՝ հայահոծ թաղերու վարիչներուն հետ։
Ֆէրիգիւղի, Պաքըրգիւղի եւ Սամաթիոյ ատենապետները յայտարարութիւններ ըրին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։
«Որեւէ թելադրութեան կարիք չկայ, մենք ունինք փորձառութիւն, միայն, դժբախտաբար, կը պակսի կամքը։ Ծնողներն ալ մեր վարժարաններուն պէտք է նպաստեն ըստ իրենց կարելիութիւններուն»։
Հայկական շարժանկարի ժառանգութեան իրաւունքները փոխանցուած են «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցի իրաւայաջորդ հանդիսացող Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնին:
Գիրով ու գիրքով մտած է մեր ժողովուրդը քաղաքակրթական աշխարհ. այդ պատճառաւ ալ նուիրական եղած է հայ գիրքը հայ ժողովուրդին համար. մինչեւ անգամ բուժիչ յատկութիւն մը տուած է մեր ժողովուրդը Նարեկի պէս գիրքի մը եւ զայն զետեղած է հիւանդի բարձին տակ։ Թէ ինչքան բուժում բերած է ան հիւանդի ցաւերուն՝ կը մնայ հարցական, բայց կասկածէ վեր է, որ անոր հոգեբանական արդիւնքը եղած է կազդուրիչ։
Նկարիչ Յարութ Յովսէփեան իր առաջին անհատական ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուցած է բազմաոճ գործեր։ Այսպէս, երիտասարդ նկարիչ ՅովՅարի (Յարութ Յովսէփեան) «Դու...» խորագրով ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած ստեղծագործութիւնները աչքի կը զարնեն առեղծուածայնութեամբ եւ կ՚արտայայտեն նկարիչի ցանկութիւններն ու մտահոգութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Սոչի, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ հարցերը։
Շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած «Ահմէտ Ճէօմերթ» կռփամարտի միջազգային մրցաշարքը, որ այս տարի 32-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։ Աթագիւղի համանուն մարզահամալիրին մէջ կազմակերպուած մրցաշարքին մասնակցեցաւ 27 երկրէ 350 մարզիկ։ Քառօրեայ մրցաշարքի բացման ելոյթներով հանդէս եկան՝ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին, Թուրքիոյ Կռփամարտի դաշնակցութեան նախագահ Էյիւպ Կէօզկէչ եւ Ահմէտ Ճէօմերթի որդին՝ Աթիլլա Ճէօմերթ։