Արխիւ
Շաբաթավերջին «Լիւթֆի Քըրտար» համագումարներու եւ ցուցահանդէսներու միջազգային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» մրցանակի 2018 թուականի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը յանձնուին սոյն մրցանակները։ Աւանդութեան վերածուած է, որ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի ծննդեան տարեդարձին օրը՝ 15 սեպտեմբերին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խաչվերաց»ը հինգ տաղաւարներու հինգերորդն է, այսինքն՝ վերջին տաղաւարը։ Եւ կարծես կը հասնի այս «վերջին» տաղաւարը՝ Խաչվերացը, կը վերջանայ կամ վերջանալու մօտ կը զգայ մարդ նաեւ տարին։
Արդարեւ, «վերջին»ներ միշտ թախիծ՝ տխրութիւն կը պատճառեն մարդուս։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Իր նմանակիցը թակարդի մէջ ձգելու եղանակը այլեւս սովորութենականացած երեւոյթ է դարձած այսօրուան աշխարհայնացած կեանքին մէջ։ Մարդկային կեանքը առաջին իսկ օրէն այս ախտով ընթացք առած է, այս սկզբնակէտով առաջնորդուած է եւ այդպէս ալ «պիտի» շարունակուի։ Սակայն մինչեւ ե՞րբ…։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Խաչվերացի տաղաւարին հասած ենք արդէն։ Մեր եկեղեցական օրացոյցին համաձայն կը տօնենք Սուրբ Խաչին ընծայուած տօներէն մեծագոյնը, յիշելով Է. դարուն պատահած կարեւոր դէպք մը, որ է Խաչափայտին ազատագրումը Պարսկական գերութենէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ազգային երգերու լիբանանահայ երիտասարդ մեկնաբան՝ Նժդեհ Պոտրումեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Սիրելի Նժդեհ, ի՞նչ նպատակով կը գտնուիս Հայաստան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հիւրերը Պատրիարքարան այցելած էին՝ ծանօթութիւններ փոխանցելու համար ձեռնարկի մը շուրջ, որ նախատեսուած է յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին։
Comedy club փառատօնի շրջանակներէն ներս այսօր՝ սեպտեմբերի 15-ին Երեւան կը ժամանէ աշխարհահռչակ Հոլիվուտի դերասան Ժան-Քլոտ Վան Տամ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Comedy club production-էն, աշխարհահռչակ դերասանը փառատօնի նախագծի նկարահանումներու պաշտօնական հիւրն է:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կինը՝ Պրի-ժիտ, նկարահանուած է Vestiaires ֆրանսական ֆիլմաշարին մէջ, անոր մասնակցութեամբ թողարկումը եթերի վրայ կը յայտնուի այսօր՝ սեպտեմբերի 15-ին։
Սպահանի մէջ տեղի ունեցած Մանկապատանեկան ժապաւէններու 31-րդ միջազգային փառատօնի շրջագծէն ներս, կազմակերպութեամբ Սպահանի 5-րդ շրջանի քաղաքապետարանի Քաղաքի բարեզարդման կազմակերպութեան, 3 սեպտեմբերին, Նոր Ջուղայի «Ջուլֆա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սպահանի մէջ ծնած եւ գործունէութիւն ծաւալած, հայ շարժապատկերի քննադատ եւ բեմադրիչ, հանգուցեալ Զաւէն Ղուկասեանի կիսանդրիի բացումը:
Փաշինեան երէկ Մաքրոնի կողմէ բարձր արարողակարգով ընդունուեցաւ Էլիզէի պալատէն ներս:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարութիւնները միշտ ջատագով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման:
Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած 16-ամեայ Ումութ Ալի Էօզմէնի երկիր վերադառնալու խնդիրը լուծում կը գտնէ երկու երկիրներու ղեկավարներու միջամտութեամբ։ Միջոց մը առաջ Կարսի սահմանակից տարածքէն ապօրինի ձեւով Հայաստան անցած Ումութ Ալի Էօզմէն որոշ ատենէ մը ի վեր ձերբակալւած կը գտնուէր Հայաստանի մէջ։
Պոլսահայ երաժիշտներու Երեւանի մէջ կազմակերպուած ելոյթը անմոռանալի դարձաւ ունկնդիրներուն:
Արթիւր Պաղտասարեան եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու յաջող կատարումներով գրաւեցին երաժշտասէրներու սիրտը:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ այցելեց Հրէից խախամապետարան:
Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան շնորհաւորութիւններ փոխանցեց րաբունապետ Հալեւային:
Կը տեղեկանանք, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուած է համայնքային յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան։ Որոշ ժամանակէ մը ի վեր Արէտ Երկանեան կը տառապէր մէջքի շրջանի սաստիկ ցաւերէ, որոնց հետեւանքով հասած էր գրեթէ անշարժունակութեան եզրին։
Türkiye Ermeni Okulları Birliği adı verilen girişim çerçevesinde, cemaat basını aracılığıyla izlediğim çalışmaların genel gidişatıyla ilgili derin bir endişe taşıdığımı kamuoyuyla üzülerek paylaşmaktayım. Geçtiğimiz günlerde bu kapsamda düzenlenen çalıştay esnasında ismimin ima edilmesi, bu girişimin VADİP şemsiyesi altında yürütüldüğünün belirtilmesi bu açıklamayı zorunlu kılmış bulunmaktadır.
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Այս աշուղական երգին հնչիւնները յաճախ կարելի է լսել Հանրապետութեան հրապարակին զուգահեռ, Նալպանտեան փողոցի անցումին մուտքէն իսկ: Վաթսունն անց, սպիտակահեր տղամարդ մը, իր տեղը գրաւած է անցումին աստիճաններուն անմիջապէս վարի անկիւնը եւ քամանչան ձեռքին կը նուագէ յուզառատ մեղեդայնութեամբ. քամանչային պատեանը դէմը դրած, անցորդներուն սրտաբուխ կոպեկները նուէր ստանալով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Շիրակի թեմէն մեկնած ուխտաւորներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Կիւմրիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ուխտաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարուժան Քհնյ. Տէրտէրեանի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Baruch Spinoza (1632-1677), Աստուծոյ երկրի վրայ ըլլալու մասին իր տեսակէտով աննախընթաց գաղափար մը յայտնած է։ Մինչդեռ կրօններու մեծամասնութիւնը Աստուած նկատած եւ նկարագրած են գերբնական եւ գերաշխարհիկ Էակ մը՝ Անձ մը։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր արձագանգ կը հանդիսանայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէնի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, ան միջոց մը առաջ Կարսի շրջանէն խախտած էր Հայաստանի սահմանը։
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա երէկ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու նախարարները ստորագրեցին հռչակագիր մը՝ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս կողմերու համագործակցութեան ամրապնդման շուրջ։