Պահել յոյսը…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Յոյսը յուսախաբ չ՚ըներ», Աւետարանի մէջբերումով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատիրարքը փորձեց իր միտքերը բանաձեւել, հիմնաւորել երէկուան մամլոյ ասուլիսին, որ զուգադիպեցաւ Մեծ պահոց շրջանի նախօրեակին։ Ան նշեց, որ կեանքը մարդը կը յոգնեցնէ եւ թէ այնպէս մը, որ ան կը կարծէ, թէ միայն ֆիզիքական մարմնէն կը բաղկանայ։