ՔԱՍԻՄԻ ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԱՒԱՆԴԸ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾՈՒԱԾ՝ ՊԱՀԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ԴՐՈՒԱԾ ԿՆԻՔՈՎ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» անուանեալ նամականիշի կնքման արարողութիւնը ցայսօր մեր մասնակցած՝ թերթիս վերաբերեալ ամենայատկանշական ձեռնարկներէն մին էր։ Դրոշմաթուղթը մեր ժամանակներուն վաղուց դադրած է գործնականօրէն հրատապ նշանակութիւն ունենալէ, սակայն ունի խորհուրդ մը։