Օրակարգի նիւթերը

Առաջնորդուիլ ծրագրաւորեալ եւ նպատակասլաց քայլերով… (2)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պոլսահայ կրթական համակարգը երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չ՚ըլլար բարեփոխել. պատճառը ծայր աստիճան այլանդակուած վիճակն է։ Վարչայիններու ձախողումը բազմապատկուած է մասնագէտի հովեր ստացած միջակութիւններու գործած աւերներով:

Առաջնորդուիլ ծրագրաւորեալ եւ նպատակասլաց քայլերով… (1)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգի հարցերը, սովորաբար, կը քննարկուին տօնական հաւաքոյթներու ընթացքին։ Սա տրամաբանականօրէն որքան որ ալ հիմնաւորուած չըլլայ՝ գործնականօրէն ձեւաւորուած նախընթաց է։ Զատիկին ալ եղաւ նոյնը։ Բարեբախտաբար, փոթորկալի մթնոլորտ չկար, սակայն, Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութեամբ։

Սէրը՝ մահէն անդին կամ հրաժեշտ սիրելի Միհրան Ուլիկեանին…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մահը կ՚ենթադրէ մե՜ծ հարցական մը, որմէ, ըստ էութեան, կարծես ծնունդ կ՚առնէ փիլիսոփայութիւնը։ Անորոշութիւնը, կասկածը, վախը… Այս շարքը կը պայմանաւորէ մարդուս հոգեբանութիւնը։

Հաստատումներ (4)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսը շարք մը անժամանցելի հաստատումներու դուռ բացաւ։ Այստեղ, անշուշտ, հիմնական պատճառն է՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին շատ սթաթիք ըլլալը։ Համայնքը տասնամեակներէ ի վեր հետամուտ է նոյն խնդիրներու լուծման, սակայն, չի յաջողիր յառաջընթաց արձանագրել։

Հաստատումներ (3)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ծաւալուած խօսակցութիւններուն մէջ բաւական լայն տեղ յատկացուեցաւ մշակոյթի եւ ինքնութեան խնդիրներուն, որոնց ամբողջին մէջ առանցքային էր լեզուն, մա՛յրենի լեզուն։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը թէեւ իր ներածական խօսքին մէջ՝ որպէս դրական գործօն թուարկեց, որ համայնքը կը պահէ լեզուն, սակայն, յաջորդած խորհրդածութիւններուն ժամանակ մատնանշեց լուրջ խնդիրներ։

Հաստատումներ (2)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսի առիթ ընձեռած կարեւոր հաստատումներէն մին հետեւեալն է. Աթոռը հետամուտ է միջանկեալ լուծումներու, որպէսզի առկայ վարչական անելով պայմանաւորուած խնդիրներու հետեւանքները գոնէ մեղմանան։ Մէկ կողմէ պատրիարքութեան՝ յաչս պետութեան պաշտօնական կարգավիճակ չունենալը, միւս կողմէ ընդհանրական լիազօրութեամբ (Ազգային սահմանադրութեամբ նախատեսուած կեդրոնական վարչութեան նման մարմին մը, որ ունի հակակշռելու իրաւասութիւն) աշխարհական մարմնի մը բացակայութիւնը անկիւնային վիճակի մատնած են համայնքը։

Հաստատումներ (1)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսը առիթ ընձեռեց կարգ մը հաստատումներու։ Անոնցմէ առաջինն է՝ թէեւ ծանօթ ու վաղեմի հարց մը, սակայն, Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակէ զուրկ ըլլալու հանգամանքին ազդեցութիւնը ժամանակներու մէջ կը բազմապատկուի։

Պահել յոյսը…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Յոյսը յուսախաբ չ՚ըներ», Աւետարանի մէջբերումով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատիրարքը փորձեց իր միտքերը բանաձեւել, հիմնաւորել երէկուան մամլոյ ասուլիսին, որ զուգադիպեցաւ Մեծ պահոց շրջանի նախօրեակին։ Ան նշեց, որ կեանքը մարդը կը յոգնեցնէ եւ թէ այնպէս մը, որ ան կը կարծէ, թէ միայն ֆիզիքական մարմնէն կը բաղկանայ։

Ձուկն ու գլուխը…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կաթուածահար համայնքային կեանքի պայմանները, դժբախտաբար, անխուսափելի կը դարձնեն մթնոլորտի ապականումը։ İtimat Bürosu-ի տագնապը երկար ժամանակէ ի վեր մնացած է անլոյծ։ Ձգձգումները ընթացիկ ու սովորական երեւոյթ դարձած են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Տանըլտ Թրամփ այսօր կը վերադառնայ Սպիտակ տուն. ընդհատուած ճանապարհորդութիւն…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ չորս տարին անգամ մը յունուարի 20-ը կարեւոր ժամադրութեան օր է։ Նախագահի մը պաշտօնավարման ժամկէտը կը սկսի կամ վերընտրեալի մը նոր շրջանի մեկնարկը կ՚ըլլայ։

Էջեր