ՏԵՍԱԿԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տպաւորութիւններ եւ դիտարկումներ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Փարիզի մէջ կազմակերպուած 90-րդ ընդհանուր ժողովի լոյսին տակ։
Աշխարհատարած կազմակերպութիւնը կը ձգտի մարդկութեան ներկայ երթը ըմբռնել հնարաւորինս ամբողջական՝ հայաշխարհի օրակարգի հարցերուն շուրջ ռազմավարութիւն մը յստակացնելու համար։