Հրաժեշտ՝ Յակոբ Արապեանին
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Եւ այսպէս Յակոբ Արապեանին այսօր հրաժեշտ կու տանք։ Ոչ եւս է Գատըգիւղի ընտանիքի ամենասիրելի «Ակուլիկ»ը։ Անփոխարինելի կորուստ մըն է այս մէկը, որովհետեւ ան սիրոյ եւ զոհողութեան խորհըրդանշան մըն էր։ Իր թաղին ու շրջանակին մէջ այսքան սիրուած, այսքան համակրանքի արժանացած ուրիշ դէմք մը դժուար թէ գտնուի յաճախ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Փրոֆ. Թանէր Աքչամի մատնանշած հիմնական երեք առանցքին մէջ գլխաւոր բանալին բանաձեւուած է շատ պարզ ու յստակ ձեւով. հայկական հարցը քաղաքական է։ Սա թէեւ յայտնութիւն մը չէ, սակայն թէ՛ իր մարմնաւորած կերպարը եւ թէ իր արտայայտուած այժմու միջավայրը յատուկ իմաստ մը կրնան վերագրել այդ բնորոշման։
Ara KOÇUNYAN
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ըրած է տեղին կարգադրութիւն մը։ Հաստատութեան համալիրէն ներս երէկ պաշտօնապէս բացուեցաւ նոր բաժանմունք մը, որ ձօնուած է հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներէն Փիլօ Աթանի յիշատակին ու վերանուանուած՝ համապատասխանաբար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ