ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՄԵՆՔ ԵՐԲԵՔ ՉԵՆՔ ԱՆՏԵՍԱԾ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԷՆ ԽՈՅՍ ՏԱԼՈՎ ԱՆՈՆՑՄԷ ԱԼ ՇԱՏԵՐ ԼՔԵՑԻՆ ՍՈՒՐԻԱՆ։ ԱՆՈՆՔ ՄԻԱՅՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԵԿԱՆ, ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԱԼ ԳԱՑԻՆ»
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնը կը շարունակէ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Սա արդէն Թուրքիոյ օրակարգի թիւ մէկ խնդիրն է, սակայն միջազգային հարթութեան վրայ ալ կը ստեղծէ լայն արձագանգ։