2020-2021 շրջանի վերամուտ. Համայնապատկեր՝ Գումգաբուի վերջին հաւաքի լոյսին տակ (1)
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի վերջին համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը մռայլ համայնապատկեր մը պարզեց հանրութեան աչքին առջեւ՝ 2020-2021 վերամուտի սեմին թրքահայ կեանքի առընչութեամբ։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր կրթական համակարգի առանցքին շուրջ կը բիւրեղանան մեր համայնքի մարտահրաւէրները։