ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան կը թելադրէ նոր ամուսնացեալ երիտասարդներուն այսպէս խօսիլ իրենց հարսին. «Ես առի քեզ իմ թեւերուս մէջ եւ կը սիրեմ քեզ եւ կը նախընտրեմ քեզ կեանքէս աւելի։ Որովհետեւ ներկայ կեանքը ոչինչ է, իսկ իմ ամենավառ երազս է զայն անցընել քեզի հետ, այնպիսի ձեւով որ ապահով ըլլանք իրարմէ չբաժնուիլ նաեւ մեզի վերապահուած միւս կեանքին մէջ։