ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԻՐ ՆՐԲԵՐԱՆԳՆԵՐՈՎ - Դ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդ որքան լեզուներ գիտնայ խօսիլ՝ ա՛յնքան մարդ է», կ՚ըսէ առածը։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «լեզու խօսիլ» կամ աւելի լայն առումով, «լեզու գիտնալ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդ որքան լեզուներ գիտնայ խօսիլ՝ ա՛յնքան մարդ է», կ՚ըսէ առածը։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «լեզու խօսիլ» կամ աւելի լայն առումով, «լեզու գիտնալ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք խորհրդածել Հայ լեզուի նրբերանգներուն մասին։ Հայ լեզուի նրբերանգները կը յայտնուին մանաւանդ ուղղագրական կանոններու մէջ։ Ուստի այս նրբերանգներէն օրինակներ կ՚ուզենք ներկայացնել Բենիամին Թաշեանի «Լսարան հայ լեզուի» գիրքէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խորհրդածենք Հայերէնի՝ Հայ լեզուի մասին, հոս կ՚ուզենք յիշել Զարեհ Եպսկ. Ազնաւորեանի ամփոփ պատմականը՝ իր «Դիւրին Գրաբար» դասագիրքին սկիզբը։ Համառօտ այս կարեւոր տեղեկութիւնները մեզի կը ծանօթացնէ Հայ լեզուն՝ իր անցեալով եւ ներկայով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խօսուի լեզուի մասին, ընդհանրապէս կը ծագին հարցեր, հարցումներ, որոնց գլխաւորներն են. «Լեզուն միջո՞ց մըն է թէ նպատա՛կ մը», եւ կամ «Մայրենի լեզու, ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ», եւ այս հարցումներու նման հարցեր կը յուզեն եւ կը զբաղեցնեն խորհող միտքեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայոց Եկեղեցին, Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակի տօնին յաջորդող օրերը հռչակած է «Մշակոյթի շաբաթ» եւ այս շրջանին է, որ կը յիշատակուի սքանչելի՜ հրաշքը՝ Հայ Գիրերու գիւտին յաջորդող թարգմանութիւնները կատարող թարգմանիչներուն նուիրական եւ սրբազան աշխատանքը։ Այս շրջանը անուանուած եւ տօնուած է նաեւ «Մշակոյթի ամիս»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստութիւնը կեանքով կը վարձատրէ իրեն ապաւինողները եւ ապահովութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք իրեն կը կռթնին՝ որպէս Տիրոջ։ Իր իմաստութեամբ է որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկիրները», (ԱՌԱԿ. Գ 18-19)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
21-րդ դարը մանաւանդ խելապտոյտ պատճառող մարդկային յառաջդիմութեան մը կը վկայէ։ Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ մարդկութիւնը, մանաւանդ վերջին շրջաններուն, շատ մեծ ոստումներ ըրաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ միշտ ունի վախեր, կասկածներ եւ մտահոգութիւններ։ Արդարեւ, վախը ներկայ վտանգի մը պատճառած հոգեվիճակն է, իսկ մտահոգութիւնը՝ հաւանական վտանգի մը, կասկածի մը պատճառած հոգեվիճակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զուարճութեան եւ հաճոյքի փափաքը մարդուն բնական եւ անհրաժեշտ պահանջներէն է։ Այս մասին ո՛չ մէկ տարակոյս։ Արդարեւ, զուարճութիւնը կեանքին համեմն է. աւելի դեռահասներուն համար մանաւանդ անոնց սնունդին մէկ մա՛սն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդուս դէմքը իր այցետոմսն է», կ՚ըսէ առածը։
Արդարեւ, զօրաւոր անհատականութիւններ, կամ հոգեկան անտեսանելի այլ ազնիւ գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ ինկած հոգիներու անսաձ մոլութիւնները անխուսափելիօրէն կը դրոշմուին դէմքերուն վրայ, բնորոշ գիծերով, խորշոմներով եւ աչքի ցոլքերով, եւ այնպէս դէմքը կ՚ընեն կորովի, կամ զմայլելի, սիրուն եւ գեղեցիկ, եւ կամ դժնէ եւ ահաւոր։