ԴԱՏԱՒՈՐԸ ԵՒ ԱՅՐԻ ԿԻՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի Ե. կիրակին «Դատաւորին» կիրակի կը կոչուի՝ Ճաշու Աւետարանին (ՂՈՒԿ. ԺԸ) մէջ յիշուած դէպքով, որուն մասին Յիսուս Քրիստոս կը պատմէ առակ մը։
Այրի կին մը, անօգնական եւ անոք հարցի մը շուրջ կը դիմէ քաղաքի դատաւորին։ Դատաւորը սակայն կը մերժէ խեղճ կինը եւ անտարբեր կը մնայ անոր խնդրանքին նկատմամբ։