Հոգե-մտաւոր

ԳՈ՛ՐԾՆ Է ԿԱՐԵՒՈՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ կը խորհին՝ բնական է, քանի որ մարդը բանաւոր էակ մըն է. մարդիկ կը խօսին՝ այս ալ բնական հետեւանքն է բանականութեան, քանի որ մարդ արտայայտել կ՚ուզէ իր խորհածը, իր մտածումը եւ կարծիքները։

ՄՏԱԾԱԿԱՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մտածականը մարդուս բանականութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Մտածականը յատկապէս փնտռտուք մըն է։ Հոգին կը փնտռէ հասկնալ «ինչու»ն եւ «ինչպէս»ը։ Այս իմաստով, հետաքրքրութիւնը մարդուս յատուկ ընդոծին զգացում մը՝ ներքին մղում մըն է։

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԽՈՀԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ահաւասիկ, անգամ մը եւս աշակերտներ, ուսանողներ, ծնողներ եւ ընտանիքներ կ՚ապրին վերամուտի ոգեւորութիւնը։ Ի՜նչ փոյթ որ այս տարի այս ոգեւորութիւնը կ՚ապրուի ներկայ համավարակի ստուերին ներքեւ՝ սրտաբեկութեամբ, աննախընթաց պայմաններու մէջ, անորոշութեան եւ զգուշութեան պատճառած անսովոր մթնոլորտի մը ազդեցութեան տակ։

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պատմութիւնը՝ միշտ ժամանակներու լոյսը, դէպքերու աւանդապահը, ճշմարտութեան հաւատարիմ վկան, բարի խրատներու, օգտակար դասերու եւ զգօնութեան սկզբունքը, վարք եւ բարքի, կենցաղավարութեան կանոնը սեպուած է։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ խորհուրդները չեն արդիւնագործեր՝ զանոնք մատակարարող կամ զանոնք ընդունող արդար մարդուն արդար վիճակին զօրութեամբ, այլ՝ զօրութեամբն Աստուծո՛յ։ Երբ սուրբ խորհուրդ մը կը հանդիսակատարուի, Քրիստոսի եւ Անոր Հոգիին զօրութիւնը կը գործէ անով եւ անոր մէջ, պաշտօնեային անձնական սրբութենէն անկա՛խ։

ԽԻՂՃ ԵՒ ԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ իր ներքին գիտակից անցուդարձերուն, գիտակից վիճակով երեք բան կ՚ընէ. կը դիտէ, կը տեսնէ՝ կը զննէ, կը դատէ եւ կը գործէ։ Բանականութեամբ օժտուած մարդ էակին բնական եւ բանական արարքներն են այս երեքը՝ զննել, դատել եւ գործել։

ԽԱՉԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Տէ՛ր, ողորմեա՛ մեզ, զի ի Խաչ քո պարծելով պարծեցաք, եւ պահելով պահեսցէ զմեզ յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն. եւ լիցի պահապան ծառայիս Աստուծոյ. ամէն։ Չար իշխանքն հալածին, որք ընդ ծառայս քո մարտնչին. երեւելով նշան Խաչին, աներեւոյթ կործանեսցին»։

Էջեր