Հոգե-մտաւոր

ՊԱՏՄԻՉՆԵՐԸ ՍՏԱԽՕՍՆԵՐ ԵՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Որքանո՞վ կարելի է վստահիլ Մովսէս Խորենացիի, Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բիւզանդի, Փարպեցիի, Սեբէոսի եւ այլ պատմիչներու արձանագրած պատմութեանց, որոնց մէջ անառարկելիօրէն գոյութիւն ունի անճշդութիւն եւ ստախօսութիւն:

ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՉՔՈՎ ԴԻՏԵԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ երբեմն գործածելու է «հաւատքի աչք»ի հեռադիտակը՝ հոգեւոր աչքը, տեսնելու երկնային գեղեցկութիւնը եւ բաղդատելու զայն երկրային հրապոյրներու հետ։
Այս առումով Առաքեալը կը թելադրէ. «Վերի բաները փնտռել» եւ «Վերի բաները մտածել», որպէսզի մեր երկրային կապերէն լման անջատուած ըլլանք եւ երկրի «գեղեցիկ բաները» աննշան դառնան։ 

ՆՈՐ ՄԱԶԵՐ ՊԻՏԻ ԳԱՆ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բնազդաբար ձեռքերը վեր բարձրացուց շոյելու համար  մազերը, սակայն այս անգամ չզգաց նախկին երջանկութիւնը. ձեռքերը մնացին օդին մէջ եւ ցաւ մը սկսաւ կրծել իր դեռատի սիրտը, որ տակաւին նոր կը ծանօթանար ցաւի ինչութեան:

ՅՕԺԱՐԱԿԱՄ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր արարքներուն լաւ եւ վատ հետեւանքներուն նկատմամբ։ Այս պատճառով, ան պիտի ունենայ ո՛չ միայն որոշ չափահասութիւն, այսինքն՝ առողջ եւ հասուն մտածողութիւն, այլ նաեւ՝ կամքի ազատութիւն, կամ մերձիմաստ՝ «յօժարակամ հաւանութիւն». «consensus»։

ԾԵԾԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՂԱՆԱԿ Մ՚Է ՅՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐԵԼՈՒ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբեւէ չէի մտածած, թէ կրնայ ըլլալ ժամանակ, որ բռնատիրութիւնն ու բռնակալութիւնը դրական ու աղէկ նկատենք։ Երբեք ալ բռնատիրութեան կողմնակից չենք եղած եւ չե՛նք, սակայն ցաւ ի սիրտ, իրողութիւն մըն է, որ հոն ուր բռնատիրութիւնը կ՚իշխէ, բարոյականութիւնն ու մարդկային արժէքները աւելի երկար կ՚ապրին քան հոն, ուր ժողովրդավարութիւն անուան տակ կը տիրապետէ սանձարձակ ազատութիւնը:

ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ինքնաճանաչութիւնը՝ առաջին քայլն է մարդուն իր շրջաապատը ճանչնալու եւ յետոյ ճանչնալու ամբողջ տիեզերքը եւ անոր Ստեղծիչը՝ գերագոյն Կամքը։ Արդարեւ, այս ճշմարտութեան կը վկայէ Պիւթագոր երբ կ՚ըսէ. «Ճանչցի՛ր ինքզինքդ, եւ պիտի ճանչնաս աստուածներու տիեզերքը»։

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՏՈՒՆԸ ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆ ԷՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ, թէ «ժամանակը ամէն բանի բուժումն է», սակայն կեանքը իւրաքանչիւրիս սեփական փորձառութեամբ պիտի սորվեցնէ, թէ իրականութեան մէջ ժամանակը այնքան ալ դրական տեսք մը չունի, որովհետեւ բոլորս ալ դէպի անցեալ հայեացք մը նետելով պիտի տեսնենք ժամանակին տարածները:

ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդուն բարութիւնը պայմանաւոր է եւ յարաբերական. երբեմն, ըստ պարագաներու պահանջին՝ բարի է, երբեմն ալ՝ չար։ Ո՞վ է լման, ամբողջովին բարին, որ կը նշանակէ «միշտ բարի», եթէ ոչ անկարելի, բայց դժուա՛ր է որոշել։

ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԶՈՀ՝ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆԻՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ազգի մը մէջ ամենէն մեծ դժբախտութիւնը սկիզբ կ՚առնէ ա՛յն ժամանակ, երբ հաւաքական շահը կը սկսի իր տեղը զիջիլ անհատականին ու մարդ հաւաքականութեան շահերով առաջնորդուելու փոխարէն աւելի նախամեծար կը նկատէ իր անձնական շահերը:

ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Առձեռն Ընդհանուր ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Հին եւ Նոր Տէրութեանց - Վենետիկ, ի տպարանի Մխիթարեան, 1880» գիրքին մէջ «Ազդ» վերտառութեամբ՝ որպէս նախաբան, սապէս կ՚ըսէ Հ. Ներսէս Ճնտոյեան։

Էջեր