Հոգե-մտաւոր

ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ երբ կը համարձակի աղաչել կամ պաղատիլ՝ կը խօսի երկիւղած սրտով, մեղմ ձայնով եւ երկչոտ խօսքերով, բազմաթիւ աղաչանքներով իր ցաւագին աղերսանքը կը ներկայացնէ։ Այս ըլլալու է աղօթողին հոգեվիճակը, այլապէս ինքնահաւան կեցուածքով եւ կերպով մը պարտադրող ոճով կատարուած ոչ մէկ խնդրանք ընդունելի կ՚ըլլայ ընդհանրապէս եւ մանաւանդ Աստուծոյ կողմէ։

ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բնութեան միջոցով Աստուծոյ իր արարածներուն պարգեւած «կեանք»ը ժամանակամիջոց մըն է՝ որ կենդանի մնալու, ապրելու շրջան մըն է։ Քանի որ «կեանք»ը պարգեւ մըն է, արժէք մը կը ներկայացնէ եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ։

 

ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎԱԽՃԱՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ մենք ունինք այն կարծիքը, որ հայկական սփիւռքը ծնունդ առաւ ցեղասպանութենէն ետք, սակայն իրականութեան մէջ, թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Ամերիկայի, թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Հնդկաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ արդէն իսկ հայկական գաղութներ գոյութիւն ունէին:

ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդուս կեանքին մէջ օրինաւոր եւ շնորհալի մրցակցութիւնը մղիչ ուժ մըն է՝ որ մարդս կ՚առաջնորդէ միշտ աւելի լաւը ընելու, յաջողելու եւ հասնելու իր մտադրած նպատակին։ Մրցակցութիւնը ընդհանրապէս դժուար ընթացք մըն է, մանաւանդ երբ մրցակիցը աւելի զօրաւոր է եւ հաստատակամ։

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԷՆ 117 ՏԱՐՈՒԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 135 տարիներ առաջ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ ձեռագիր ձեւով կը հրապարակուի «Արմէնիա» ազգային, քաղաքական եւ գրական շաբաթաթերթը, որ կ՚ունենայ մօտաւորապէս 31 տարուան կեանք մը. «Արմէնիա» եղած է ֆրանսահայ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ առաջին հրատարակութիւններէն մին:

ԼՈՅՍԸ ԵՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՂԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Լոյսը՝ ինչ որ ամէն ինչ տեսանելի կը դարձնէ, յստակ տեսողութիւն կը պատրաստէ, ճշմարտութեան յայտնի դառնալու ամենակարեւոր եւ առաջնակարգ միջոցն է։ Լոյսը, արդարեւ, Պղատոնի յայտնի քարայրի այլաբանութեան մէջ, ուր՝ ճշմարտութիւն կարծուածները միայն ճշմարտութեան ստուերն են, կ՚ըսէ Պղատոն, ահաւասիկ լոյսն է, որ կը փարատէ այն անորոշութիւնը, եւ ճշմարտութիւնը իսկական ձեւով երեւան կու գայ։

ԱՆԱՍՈՒՆԻ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ինչքա՜ն պիտի ուզէի առտու մը արթննալ այն աղջիկներուն, ինչու չէ նաեւ տղոց նման, որոնց համար արեւածագը նոյնիսկ բաւարար է լաւատեսութեամբ լեցուելու եւ թեթեւ ու անհոգ ձեւով դուրս գալու իրենց անկողիններէն:

ՏԿԱՐԸ ԿՐՆԱ՛Յ ԶՕՐԱՆԱԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ժամանակը եւ միջավայրը կ՚ազդեն եւ կրնան բարեփոխել մարդկային կեանքը։ Կ՚ըսեն, որ ժամանակը շատ բաներու դարմանն է։ Չենք կրնար ըսել, թէ՝ ժամանակը ամէն բանի դարմանն է, բայց ժամանակի ընթացքին կրնայ փոխուիլ շա՜տ բան. զոր օրինակ՝ տկարը կրնայ զօրանալ, հիւանդը կրնայ բժշկուիլ, աղքատը կրնայ հարստանալ եւ երիտասարդը կրնայ հասուն տարիքի հասնիլ՝ հասուն տարիք ունեցողները տարեցներ կ՚ըլլան։

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ԿԸ ԾԽԵՆ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօրուան յօդուածը կ՚ուզեմ սկսիլ արդէն իսկ կամաց կամաց Հայաստանի մէջ սովորական դարձած ոստիկանական հաղորդագրութեամբ մը.- «14 մարտ 2023-ին, ժամը 23.30-ին Երեւանի Նալպանտեան փողոցի վրայ թմրամիջոցներ ձեռք բերելու, պահելու եւ իրացնելու կասկածանքով Ոստիկանութեան Արաբակիրի բաժին տարուեցաւ Երեւան Քաղաքի 39 ամեայ բնակիչը»:

Էջեր