ՔՍԱՆՀԻՆԳԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ (գ)
Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ժամանակ գործընթացը կը կոչուէր՝ 5+1 ձեւաչափ. 5-ը՝ ԱՄՆ-ը, Ռուսաստանը, Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը, գումարած Մինսքեան խմբակի խորհրդաժողովը, որուն ղեկավարն էր իտալացի դիւանագէտ՝ Մարլէն Ռաֆայէլ, եւ այս շրջանակներուն մէջ տարուած բանակցութիւններ տեղի ունեցան: Այդ շրջանի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար դիւանագէտ՝ Հիքմէթ Չեթին այցելեց Մոսկուա, հանդիպեցաւ ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ եւ կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան: