Արհեստագիտութիւն… Երկսայրի Սուր
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հին ասացուածքը կ՚ըսէ՝ «Անհրաժեշտութիւնը գիւտին մայրն է»: Գիւտերը եւ յայտնաբերումները արդիւնք են մարդկային կեանքի անհրաժեշտութիւններուն եւ մարդկային բաղձանքին՝ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու: Օրական նոր եւ աւելի նոր նուաճումներ կ՚արձանագրուին, յատկապէս արհեստագիտութեան մարզին մէջ: