ԵՐԱՆԻ ԳԻՆՈՎԻՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Երանի գինովին, որու համար աշխարհը կ՚երերայ բայց չի փլիր. արեւն անհոգ կը ծիծաղի աշխարհի ցաւերուն, ու ի՛ր ժամին կը թաւալի անաղմուկ, ու աղջամուղջն իր կարմիրով կու տայ գոյնը գրաւիչ մայրամուտին: Ճամբաներու ոլոր մոլոր, օձապտոյտ ընթացքն արդէն երանելի ցուցմունք են, ուր տեսանելի եւ թէ անտես թիթեռնիկներ կ՚ելեւէջէն իբրեւ ոգի մեռեալներու, անտառներու գազանները դարձեր են լուռ ու հնազանդ։