ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԸ ԻՐԵՆՑ ԳՈՅԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ԱՌՕՐԷԱԿԱՆ ԵՐԵՍԱԿՆԵՐՈՎ
Հաւաքականութեան յայտարարուած գագաթնակէտային նպատակը մարդուն բարօրութիւնն ուերջանկութիւնն է, իսկ անոր գաղտնի գործելաոճը շահն է ու հարստանալու անյագութիւնը: Այո՛, մարդանհատը իր բոլոր արատներով ու շահադիտականութեամբ աւելի անմեղ ու բարի արարած է, քան երբհաւաքապէս կ՚աշխատի։ Առանց դրժելու, իբրեւ ձեւ՝ հաւաքական աշխատանքը, սկզբունքայնութիւնն ու իտէալըկրնան ազնիւ ըլլալ, բայց պէտք է նկատի առնենք, որ չկայ մարդկային մեծ, համապարփակ ու միակհաւաքականութիւն։ Որեւէ հաւաքականութիւն կը մնայ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական միաւոր, իսկայդպիսի միաւորներուն շարժիչ ուժը իր վերջնական ձեւակերպմամբ՝ շահն է: Միաժամանակ, անհատ մարդուկեանքի քաղցրութիւնը, բնականաբար, կախեալ է հաւաքականութենէն, ինչպէս կ՚ըսեն. «Ո՞վ պիտի տայ ինձերջանկութիւն, եթէ ոչ մարդն ու մարդիկ»: Այս կէտին կ՚արժէ նշել, որ ինչքան քաղցրանայ կեանքը, այնքանժամանակի թաւալումն ու ձեւափոխումը անտանելի կը դառնայ, հասցնելով զայն ափսոսանքի մը մեծ ուանբուժելի գոյավիճակի: Այո՛, կեանքի քաղցրակերտման ու ապրումի մեր ջանքը (որ 21-րդ դարու մեր ոճայիննուաճումներէն կը համարուի, նոյն արհեստագիտութեան աջակցութեամբ) կը զբաղեցնէ մեզ առաւելագոյնըթշուառութիւնները չտեսնելու, բայց, այդ մէկը գոյութեան տառապանքային մեծ հարցը չի լուծեր:
Մարդու ֆիզիքական յատկութեան, կառուցուածքի հարցն ու խնդրականութիւնը ինչքան ալվերլուծութիւններու ենթարկուած է, անմիջական դրսեւորմամբ մարդու մարմնականութիւնը կըգործակատարուի ուտելով, խմելով, ծխելով, սեռային յարաբերութեամբ, փոխուած հագուկապով եւ հաճելի ուչպարտադրուած աշխատանքով, նաեւ ասոնցմէ բխած բոլոր տեսակի այսպէս ըսած՝ արբեցողութիւններով ուըմբոշխումներով: Անոնց միջոցաւ է, որ կը կատարուի մարդկային մարմնի երջանկութիւնն ու գոհունակութիւնը, իսկ մարդը իբրեւ անհատ ինչքան ալ ոգեղինութեան ուղղուի եւ իրագործէ զայն, անխուսափելիօրէն ամենաչնչինտոկոսով պայմանաւորուածութիւն մը ունի մարմնական հաճոյքի աղբիւրներուն հետ եւ չի կրնար շրջանցնելզանոնք լիակատարօրէն: Մարմինը ունի իր համակարգը․ մարդու հոգիին հետ յաճախ չհամընկնող կամ նոյնմարդկային հոգեբանութեան ու ոգեղինութեան ներշնչանքին ու իրագործման հետ յաճախ անհամատեղելի կամտեղ մըն ալ մաքառող: Նոյն այս շրջատիպով կրնանք կշռադատել ու բացայայտել մարմին-հոգի, մարմին-իտէալ, մարմին-միտք հակասութիւնները, համադրումները, համագործակցութիւնները եւ անոնցմէ բխած չարն ու բարին, շահադիտականն ու ազնիւը, ժամանցելին ու յաւերժականը: Սէրն ու ներշնչանքը մարմնային չեն, այլ ոգեղէն, գաղափարական, եթէ նկատի առնենք, որ սէրն ու ներշնչանքը մարդկային շարժիչ ուժն են ու գոյութենականնպատակայնութեան հիմքը, ապա կը տեսնենք, թէ ինչքան օտար են մարմնայինն ու ոգեղէնը մեր մէջ։ Բայց, միեւնոյն ատեն, այդ իրողութիւնը կը տանի մեզ դէպի առանց մարմնականին (չգոյութեան) անպատկերելիութեանգաղափարին։ Այդ մէկը փոխանակ մեզ մեր մարմնէն հեռացնելու, տեղ մը կը մղէ մեզ աւելի կառչելու անոր եւայսպէս ըսած՝ մեր բացարձակ ոգեղինութեան հասնելու ակամայ անհնարութիւնը նախազգալով՝ վրէժ կը լուծէմեր ֆիզիքականէն, նուիրուելով աւելիով մարմնին:
Մարդկային թշուառութեան ճակատագրականութիւնը կը ձեւաւորուի մարմնական-ֆիզիքական ալառումով, թշուառութեան այս դրսեւորումը շատ լուսարձակի տակ չէ առնուած ու միշտ այդ մէկը երկրորդականնկատուած է՝ կրօնական ու դիցաբանական ոգեղէն իւրայատկութիւններու փնտռտուքի ընդմէջէն: Տեսակ մըմշտապէս մարմնական կտտանքն ու տառապանքը համարուած է արդար ու հատուցուած՝ հաւանաբարփոխմարդկային շահագործումներու ալ նպատակներով։ Եթէ «անօթի ես, հիւծուած ու վիրաւոր, աւելի մօտ եսԱստուծոյ», իսկ մարմնի չարացման գործընթացը նոյն մարդուն միջոցաւ մարդկութեան սկիզբէն առկայ էրբնազանցական ալ թրթումով: «Մենք մարմին չենք միայն, մենք ունինք աւելի մեծ առաքելութիւն» ընկալումը մեզդարձուցած է տեղ մը խաբուսիկ, խաբուող ու խոցելի: Վերադառնալով սոսկ մարմնական-ֆիզիքականթշուառութեան վաւերականացման՝ կը տեսնենք, որ մարդկութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը (նոյն երկիրմոլորակի վրայ եղած ու ապրած անհատ մարդոց թիւով) մարմնական տառապանքի ենթարկուած է, կամանօթութեան-սովի, անօթեւանութեան ու մերկութեան կամ տաժանակիր աշխատանքի կամ ալ չարչարանքի ումարմնական շահագործման: Սկսեալ ճերմակ ու սեւ ստրկութեան տեսակներէն, վերջացած պատերազմներումղելու ոճրային արարքներուն, դեռ չհաշուած մարդկութեան սպանութիւններու, ցեղասպանութիւններուգործադրութիւնները նոյն մարդկութեան կողմէ (եթէ արդիւնք ու անշարունակողութիւն համարենք մահը, որմարմնային տառապանք չէ):
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան