ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպակիծէի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ վարչապետները քննարկեցին Երեւան-Թիֆլիզ ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգին, զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշման հիման վրայ՝ Զարեհ Սինանեան նշանակուեցաւ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար:
Այսօր լուսադէմին, 89 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքեց Նորվեկիոյ Հարալտ Ե. թագաւորը։ Տեղական ժամով 06.35-ին ան մահացաւ Օսլոյի հիւանդանոցին մէջ, ուր կը դարմանուէր վերջին օրերուն եւ առողջական վիճակը էապէս վատթարացած էր արեան վարակի հետեւանքով։
24/08/2026 Pazartesi ERVAB toplantısında Vakfımız hakkında çıkan haberlere cevabımızdır;
Թրքահայ վարժարաններէ ներս ընդունուած հիւր աշակերտներու հարցին շուրջ երէկ դրական նորութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքին յայտնեց, որ հայ համայնքի փոքրամասնական վարժարաններու պարագային որեւէ նոր կարգադրութիւն խնդրոյ առարկայ չէ:
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ կառավարութեան՝ 2026-2031 շրջանի ծրագրին։ Նախօրէին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն ներկայացուցած էր ծրագիրը՝ ընդդիմադիր երեսփոխաններու հետ բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ։
ERVAB-ի երէկուան ժողովին օրակարգի վրայ եկաւ՝ թրքահայ վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտի կարգավիճակով ուսում ստացող տղոց վիճակը։ Ծանօթ է, որ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու դպրոցահասակ զաւակներուն, որոնք հիւր աշակերտի կարգավիճակով կը յաճախեն՝ թրքահայ փոքրամասնական համայնքային դպրոցները։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Ազգային ժողովի ամպիոնէն երէկ ներկայացուց կառավարութեան 2026-2031 շրջանի գործունէութեան ծրագիրը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդէն ունի նոր գործադիր տնօրէն մը. յանձինն՝ Արամայիս Աւետիսեանի:
Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցան բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցան այդ բանակցութիւնները, որոնց նպատակն էր լարուածութիւնը նուազեցնել Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի վերջին յարձակումներէն յետոյ: