ԿԱՅ-ՉԿԱՅ TRIPP

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ բոլոր հարթութիւններու վրայ անդրադառնալ TRIPP նախաձեռնութեան։ Իր խօսքով՝ TRIPP նախագծի զարգացումներուն զուգահեռ՝ կը սպասուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանի, ապա նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան, Թուրքիա-Հայաստան երկաթուղային հաղորդակցութեան բացման։

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Անգլիա գործարար համաժողովի ընթացքին Փաշինեան TRIPP նախաձեռնութեան վերաբերեալ իր ելոյթին մէջ մանրամասնութիւններ հրապարակեց TRIPP նախագծի հեռանկարներուն շուրջ։ Ան յայտեց, որ խնդրոյ առարկայ ճանապարհը Հայաստանի հարաւով անխոչընդոտ կապ պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։ 

«Հայաստանը եւ մեր տարածաշրջանը կը գտնուի յեղափոխութեան փուլի մէջ, ինչ որ կապուած է Հայաստան-Ատրպէյճան հաստատուած խաղաղութեան եւ անկէ բխած զարգացումներուն հետ։ Մենք հիմա ամէնօրեայ դրութեամբ կ՚աշխատինք TRIPP նախագծի իրագործման մեկնարկը դաշտի վրայ ապահովելու ուղղութեամբ, ինչ որ միաժամանակ եւ աներկբայ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ տարածաշրջանի ամբողջ տնտեսական միջավայրը փոխելու անկիւնաքար մը պիտի ըլլայ: Արդէն իսկ այնպիսին է, որովհետեւ այսօր իսկ մենք կը զգանք Հայաստանի շուրջ ներդրումային գրաւչութեան որոշակի աշխուժութիւն», յայտնեց վարչապետը: 

Հայաստանի զանազան պաշտօնատարներ կը տեղեկացնեն, որ Սիւնիքի մէջ TRIPP-ի շինարարութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ յաջորդ տարեսկզբին պիտի սկսի։ Վարչապետ Փաշինեան ելոյթին մէջ չյստակեցուց՝ աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր փակ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի եւ Թուրքիա-Ատրպէյճան երկաթուղային հաղորդակցութեան բացման ժամկէտը։ Միւս կողմէ, վարչապետ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումը պէտք է ըլլան կառավարութեան առաջնահերթութիւնները: Այսպէս, Փաշինեան Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն ու վաւերացումը կը համարէ իր կողմէ գլխաւորուած իշխանական ուժի առաքելութիւնը։ 

Ֆրանսայի միջազգային ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Երեւանի արտաքին քաղաքական օրակարգի զանազան հրատապ նիւթերուն։ «Հայաստանի ռազմավարական նպատակն է ժողովուրդի համար այլընտրանքներ ստեղծելը», ըսաւ ան։ Վարչապետին խօսքով՝ այս պահու դրութեամբ Հայաստան պատրաստ չէ Եւրոմիութեան անդամ դառնալու։ Ան այս բանաձեւումը օգտագործեց՝ Երեւանի կողմէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Եւրոմիութեան միջեւ հաւանական նախընտրութիւն կատարելու հեռանկարին շուրջ խօսելու ժամանակ։ 

Ի լրումն այս բոլորին, նոյն հարցազրոյցի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի հարաւին՝ Սիւնիքի մարզի Շաքի սահմանակից գիւղի մէջ պատահած վերջին դէպքին, որով Ատրպէյճանի բանակէն Հայաստանի սահմանը ներթափանցած զինուորը վիրաւորած էր մայրն ու երկու զաւակները։ «Ատրպէյճանի զինծառայողի Հայաստան ներխուժումը կասկածի տակ չի դներ հաստատուած խաղաղութիւնը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ միջադէպին կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ այս հարցին վերաբերեալ վարչապետին կողմէ արտայայտուած մօտեցումներն ու դիրքորոշումները բուռն քննադատութեան պատճառ կը դառնան հանրային կարծիքին մօտ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026