ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՄՐՑԱՆԱԿ
Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը արժանացած է «Templeton» հեղինակաւոր ու պատուաբեր մրցանակին։ Այս իրադարձութիւնը արձագանգ գտած է միջազգային մամուլին մէջ՝ մինչ յունաց պատրիարքը յառաջիկայ սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ պիտի ստանայ իր մրցանակը։

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը երէկ վերայուղարկաւորուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Վախճանեալ պապի յուղարկաւորութեան յաջորդած իննօրեայ ժամանակաշրջանը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ պաշտօնապէս սուգի շրջան կը համարուի։
ՆԱԹՕ-ի դաշնակից, ռազմավարական գործընկեր Թուրքիոյ եւ Իտալիոյ միջկառավարական գագաթաժողովը:
Երեւան-Տոհա առանցքին վրայ աշխոյժ քննարկումներ կը ծաւալուին բոլոր առաջնահերթ ուղղութիւններով:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ պետական արարողակարգով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին արդէն կը պատրաստուի իր նոր՝ 267-րդ քահանայապետը ընտրելու։ Կը հաղորդուի, որ Քոնքլաւը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբաթ՝ մայիսի 7-ին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կը հիմնուին ու պէտք է հիմնուին փոխադարձ հետաքրքրութիւններու վրայ։ Իր խօսքով՝ Երեւան մտադրութիւն չունի Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները լարելու, խզելու կամ փճացնելու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ հերթական անգամ անդրադառնալով Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կը պատրաստուի այցելել Պաքու՝ հանդիպելու համար Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Իսրայէլի վարչապետը Պաքու կը մեկնի իր կողակցին՝ Սարա Նեթանիյահուի հետ, 8-11 մայիսին։