ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՐՋՈՒԹԻՒՆԸ

Գրեթէ բոլոր մշակոյթներու պարագային կեանքի ուսուցման առանցքին է նուիրումը։ Փիլիսոփայութիւններու, գաղափարախօսութիւններու, վարդապետութիւններու կամ կրօններու պարագային կարծես հասարակաց յայտարար մը եղած ըլլար զայն։ Ուղղակի կամ անուղղակի այդպէս է. կ՚ուսուցուի՝ որպէս կատարեալ անհատի ուղղեալ յորդոր, բայց, նուիրումը միշտ միջոց կը դարձուի՝ այդ անհատը որոշ հաւաքական նպատակներու ծառայեցնելու համար։

Ահա՛, Քաֆքայի խօսքը. «Աշխարհի վրայ, ուր մահ կայ, իրականութեան մէջ, ոչինչ այդքան լուրջ է»։

Աշխարհի վրայ, ըստ էութեան, անմահ է միայն չարաշահումը, որու հետամուտները յաճախ կը սնուին ուրիշներու՝ արդէն ուսուցեալ նուիրումէն։

Շաբաթ, Յունուար 17, 2026