ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ըստ Ֆիտանի՝ Անգարա կը նկատէ խափանարարութիւններ, որոնց նպատակն է հունէ դուրս բերել Դամասկոսի քաղաքականութիւնը:
Թուրքիա, Յորդանան, Իրաք, Լիբանան եւ Սուրիա նոյն հարթակին վրայ, բարձր մակարդակով քննարկումներ ծաւալեցին համատեղ հարցերու շուրջ:
Սուրիոյ մէջ Պեշար Էսատի անկումով տեղի ունեցած իշխանափոխութեան զուգահեռ սկիզբ առած անցումային շրջանը կ՚ուղղորդուի արիւնալի դէպքերով։ Ամբողջ երկրէն ներս նախկին եւ այժմու ղեկավարութեանց զօրքերուն միջեւ տեղի կ՚ունենան բախումներ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս շփումը նախորդեց՝ յառաջիկային Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ նախատեսուած ԱՄՆ-Ուքրայնա բանակցութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Ռիատի մէջ։
«Երեւանեան երկխօսութիւն» Բ. միջազգային համաժողովի ընդառաջ դիւանագիտական խորհրդակցութիւն:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՚ուզէ արաբ կամ մահմետական բոլորին վրայ յարձակիլ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագիրը չէ ստորագրուած, որովհետեւ անոր նախագծին մէջ դեռ կան երկու յօդուածներ, որոնց շուրջ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Երեւան-Թիֆլիզ օրակարգի եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։
Չինաստան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ:
Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճի համալիրէն ներս հանդիսաւոր ու բացառիկ ձեռնարկ մը: