ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՇԻՆԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Անգարայէն կը շարունակեն դրական արտայայտութիւններ հնչել՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարին շուրջ։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա կը փափաքի, որպէսզի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ արդէն նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջնականապէս ստորագրուի։ Իր խօսքով՝ հետեւաբար, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումն ալ հնարաւորինս շուտ կ՚իրականացուի այդպէսով։ «Մենք կը կարողանանք շարունակել մեր ճանապարհը տարածաշրջանէն ներս՝ կայունութեամբ եւ բարգաւաճմամբ։ Այժմ այս քաղաքական կամքը գոյութիւն ունի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքական ղեկավարութեան շրջանակներէն ներս։ Հիմա քանի մը բան մնացած է, որ Հայաստան պէտք է ընէ։ Ինչպէս գիտէք, յաջորդ յունիսի սկիզբին Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան եւ սա նոյնպէս կարեւոր փուլ մը պիտի ըլլայ։ Այնուամենայնիւ, մենք կը տեսնենք, որ հարցախոյզներու արդիւնքով պրն. Փաշինեան այժմ առաջատարն է։ Մենք իսկապէս կ՚աջակցինք այն շինիչ դերակատարութեան, որ ան ունի այս հարցին մէջ։ Այս գիծը, այս վճռականութիւնը պէտք է շարունակուի», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։
Հայաստանեան լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած են Հաքան Ֆիտանի յայտարարութիւնները։ Երկրի ընդդիմադիր շրջանակները կը պնդեն, որ թրքական կողմը նման յայտարարութիւններով կը միջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն։