Լրահոս

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԷՆ ՆԵՐՍ ԿՆՈՋ ՄԸ ՎՐԱՅ ԿԱՑԻՆՈՎ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասէն ներս պատահեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, տղամարդ մը կացինով յարձակեցաւ կնոջ մը վրայ

ՆՈՐ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ԿԱՐ­ԳԻ ՁԵ­ՒԱ­ՒՈ­ՐՈՒՄ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ուքրայնայի պատերազմը աւարտելու նպատակով, առանց ուքրանացիներու եւ եւրոպացիներու մասնակցութեան, Ռուսաստանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միակողմանի որոշումը, արեւմտեան «քաղաքակիրթ» ու զարգացած պետութիւններու ակումբին մէջ երկրաշարժ մը յառաջացուց, եւրոպացիներուն համար «երկինքը փուլ եկաւ»։

ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԵՒ ՈՒՐԱԽԱՌԻԹ ՅՈԲԵԼԵԱՆ. ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԸ

Հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ուրախառիթ եւ ողջունելի յոբելեան մըն է այս մէկը՝ քանի յոբելեարը հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք մը ունի՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐԸ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴ ՏՈՒԻՆ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԷՋ

Միջազգային օրակարգը այս շրջանին կը բնորոշուի՝ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւններով, նաեւ հաւանականութիւններով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած տեղաշարժը կը ձեւաւորէ կլոպալ նոր կլիմայ մը։

ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՀԱՑԱԴՈՒԼԻ ՄԷՋ

Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի նախկին ղեկավարներու ձեւական դատավարութիւնները, որոնք վերածուած են՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դարձեալ հացադուլի սկսած է։

ՎՐԱՍՏԱՆ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ

Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը անդրդուելի կը մնայ՝ «3+3» հարթակի աշխատանքներուն չմասնակցելու դիրքորոշման մէջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր յայտնած էր, թէ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած այս խորհրդատուական հարթակի դուռը միշտ բաց կը մնայ Վրաստանի առջեւ։

ՔՈՓԻՐՔԻՆ ԱՐԿԱԾԱՀԱՐ

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին արկածահար դարձաւ՝ երէկ պատահած ցաւալի դէպքի մը հետեւանքով։ Մինչ, Երեւանի մէջ կը տիրէ խստաշունչ ձմեռ՝ դեսպանի պաշտօնական ինքնաշարժը երէկ արկածի մը ենթարկուեցաւ։

Էջեր