ԷՐՏՈՂԱՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ՈՃՈՎ ԽՕՍԱԾ Է ՊԱՅՏԸՆԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի վերջին գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Այսպէս, Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալըվըն երէկ Ուաշինկթընի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Էրտողան-Պայտըն տեսակցութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ հերթական զգուշացումներով, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին Ատրպէյճանի հետ առկայ սահմանային լարուածութիւններուն տեսակէտէ։ Ըստ իրեն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մօտեցումը սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ չափազանց վտանգաւոր է երկարաժամկէտ հեռանկարով։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ, այսօր Անթալիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ Դիւանագիտութեան ֆորումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթավերջ։ Համաճարակի հետեւանքով յետաձգուած այս ֆորումին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ արդէն ժամանած է Թուրքիա։
Իզմիրի մէջ երէկ յարձակում մը գործուեցաւ ՀՏՓ կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղի շէնքին վրայ։ Այս յարձակումը կատարեց Օնուր Կենճէր անունով անձ մը, որ առողջապահական համակարգի նախկին աշխատակից մըն է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ բացուեցաւ «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։ Այսպէս, բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը կը յայտնէ, թէ «Հերի Փոթըր»ի ֆիլմաշարի երկրպագուները կրնան այցելել Նիւ Եորքի կեդրոնին գտնուող «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ERVAB)։
Պէտք է համաձայնութիւն ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, հարեւանները յաւերժ թշնամի չեն կրնար ըլլալ:
«Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը անսահման առաւելութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի համար»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ամբողջ աշխարհ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէր այս հանդիպման, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումները տեւեցին շուրջ չորս ժամ։