ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՅՈՅՍ ՅԱՅՏՆԵՑ, ԹԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐԿՆԵՐ ՆԱԽՈՐԴԻ ՍԽԱԼՆԵՐԸ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի նոր իշխանութիւնը չի կրկներ նախորդ սխալները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան ըսաւ. «Յոյս ունինք՝ Հայաստան կը հասկնայ, որ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման միակ միջոցը հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումն է։
Անթալիոյ Դիւանագիտական ֆորումը երէկ սկսաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ելոյթով։ Մասնակիցներու շարքին էր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ ֆորումի շրջանակներէն ներս յայտնեց, որ Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու՝ հիմնուած երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ։


Վաղուայ արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ Հայաստանի մէջ երէկ աւարտին հասաւ քարոզարշաւը։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այս առթիւ զրոյց մը ունեցաւ իր լծակիցներուն եւ մամլոյ սպասաւորներուն հետ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն Արթուր Վանեցեան, որ կը գլխաւորէ «Պատիւ ունիմ» դաշինքի նախընտրական ցուցակը, վաղուան ընտրութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ անակնկալօրէն իր մահկանացուն կնքած է «Ճելիլ» կազմակերպիչ հաստատութեան սեփականատէր Արբուն Սէմէրճեան, որ մեր համայնքէն ներս համակրանք ու յարգանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Բօթը իսկապէս մեծ ցաւ յառաջացուցած է։
Թուրքիա կը դիտարկէ, որ Ռուսաստան մտադիր չէ խոչընդոտել «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծումը: