ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ…
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եկէք գոնէ հիմա իրատես ըլլանք. կիրակի տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Փաշինեանի յաջողութիւնը հնարաւոր չէ բացատրել միայն ընտրակեղծիքներով եւ վարչական պաշարներով։ «Յաւելեալ պոնուս» իշխանութիւնը միշտ կը ստանայ եւ, ի դէպ, այդ է պատճառը, որ իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէ փոխել ընտրութիւններու միջոցաւ։
Անգարա-Պաքու եղբայրութեան իրաւական հիմքերու ա՛լ աւելի ամրապնդման համար մօտաւոր ապագային համաձայնագրեր պիտի ստորագրուին:
Շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն վերջ, Հայաստանի մէջ տեսականօրէն սկիզբ կ՚առնէ նոր շրջան մը։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով յառաջացած քաղաքական տագնապին լուծում գտնելու առաջադրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընտրութիւնը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան առթիւ։ ՀԲԸՄ Հայաստանի ընտրութիւններու արդիւնքը որակեց՝ համազգային ապաքինման ուղղեալ առաջին քայլ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի զօրքերը:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս որոշեց Արցախի վերաբերեալ ութ հետազօտական ծրագիր հովանաւորել։ Յառաջիկայ շրջանին այդ ծրագիրները պիտի ստանան հիմնարկի նպաստը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ 1 յուլիսէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ կեանքը պիտի դառնայ բնականոն։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ հաստատուած սահմանափակումները պիտի ջնջուին այդ թուականի դրութեամբ։
Այսօր 90 տարեկան պիտի դառնար հայ ազգի տաղանդաւոր զաւակներէն, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ-քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեան, որ հեղինակն է Երեւանը զարդարող նշանաւոր քանդակներու։
Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակէն ծնունդ առած լուրջ քաղաքական տագնապի յաղթահարման նպատակով Հայաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն, որու արդիւնքով իշխանութիւնը վերարտադրուեցաւ՝ ստանալով ձայներու կէսէն աւելին: Ժողովուրդի դատողութեան դրսեւորումը եղաւ բոլոր չափանիշներէ դուրս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ