ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Իրանի նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն վերջ սա Թուրքիայէն կատարուած բարձր մակարդակի վրայ առաջին այցելութիւնն է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս գործող Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը պարգեւատրած է փրոֆ. Սեդա Տատոյեանը։ Այս ընկերակցութիւնը, որու նախագահն է փրոֆ. Պետրոս Տէր-Մաթոսեան, հայկական սփիւռքի առաջնային ու համատարած գիտական ցանցերէն մին է։
Լիբանանի ընկերատնտեսական առկայ դժուարութիւնները, դժբախտաբար, տագնապեցուցած են նաեւ տեղւոյն հայութեան կեանքը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ջանայ աջակցիլ իր հօտին՝ զանազան կարիքներու դիմագրաւման ճանապարհին։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ճանապարհներու ապաշրջափակման քօղի ներքեւ՝ բնակավայրերու մեկուսացման քաղաքականութիւն:
Փարիզ-Մոսկուա բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ժամանակ անդրադարձ՝ Հարաւային Կովկասին:
Երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական խորհուրդի 8-րդ գագաթաժողովը։ Հաւաքի տանտէրն էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ այս առթիւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յանձնեց թրքական աշխարհի շքանշանը։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ուժով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի առցանց նիստին ժամանակ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալքիի հետ։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժողովներուն մասնակցելու համար։