Լրահոս

ԱՊՐԻԼԻՆ ԱՅԼԵՒՍ ԼՈՒԾՈ՞ՒՄ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ երէկ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի վերջաւորութիւնը աւարտած պիտի ըլլան ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան ուղղեալ աշխատանքները։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՀԻԿԻ ՀԵՏ

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի վարիչներէն Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճը եւ Վարդան Մառանճը երէկ այցելութիւն մը տուին Կարմիր մահիկի Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմէտ Ուղուրէլլիին։ Զրոյցի ընթացքին անոնք առաջին հերթին փոխանցեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։

ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Փաշինեան եւ Ալիեւ յաջորդ ամիս պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան գագաթին:
Երեւեան-Պաքու ուղիղ կապ մը գործել կը սկսի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ:

ՔԱԼԸՆ-ՍԱԼԸՎԸՆ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճեք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական կապերը, պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան համաշխարհային ու տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ։

ԹԻՖԼԻԶԷՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը հրաժարի՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակին մասնակցելէ։ Վրաստանի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ, թէ Թիֆլիզ պիտի չմասնակցի այդ նախաձեռնութեան։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉԷ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ներկայիս Սիւնիքի մարզէն ներս կը ձեռնարկէ շարք մը ծրագրերու, որոնց նպատակն է համայնքային, կրթական եւ ընկերային նշանակութեամբ շարք մը խնդիրներու լուծումը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ սկսած են այս ծրագրերը։

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան ընթերցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցականը: Ներկայ էր նաեւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Ինճէ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կուռ դամբանական մը խօսեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի յիշատակին:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԲԱԽՈՒԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ»

Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը։ Այսպէս, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետները համախմբուեցան՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տանտիրութեամբ։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ։ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՄԱՆ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՏԵՂԷՆ ՉԻ ՇԱՐԺԻՐ ՊԱՔՈՒԻ ՁԳՁԳՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ»

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները կը շարունակեն անմիջականօրէն բնորոշել օրակարգը։ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ լարուածութիւնը դարձեալ գագաթնակէտին հասած է եւ այս մթնոլորտին մէջ երկու մայրաքաղաքներէն կը փոխանցուին պատգամներ, որոնք հերթական անգամ ի յայտ կը բերեն անոնց միջեւ ստեղծուած անհաղորդ մթնոլորտը՝ հակառակ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ գոյացած հրադադարին եւ համաձայնութիւններուն։

Էջեր