Լրահոս

Ո՛Չ ԱՌԱՋԻՆԸ, ՈՉ ԱԼ ՎԵՐՋԻՆԸ

Երուսաղէմը աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններու եւ քաղաքական առեւտուրի ամենաթէժ հանգոյցներէն մէկն է երկրագունդի վրայ եւ այնտեղ ուժեղ ներկայութիւն ունենալը, ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային իրաւունքներ պաշտպանելը մեր կարեւորագոյն եւ հազուագիւտ լծակներէն մէկը կրնար ըլլալ:
Անցեալ տասնամեակներուն ու անոնցմէ ալ առաջ, նմանօրինակ գործարքներ շատ եղած են: Պատրիարքն ու Սրբոց Յակոբեանց ողջ միաբանութիւնը պէտք է դուրս գան հաշուետուողականութեան տեսակէտէ իրենց ձեռնտու ինքնամեկուսացումէն։ Թափանցիկ ու կանխատեսելի դարձնեն իրենց գործունէութիւնը, ինչ որ միակ ճանապարհն է վստահութեան դրամագլուխ ունենալու:

ԵՐԵՔ ՕՐՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան արդէն մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ կատարելագործելու համար իր ուսումը։ Մայրավանքէ ներս ան արդէն հաստատուած է եւ աստիճանաբար կը ներգրաւուի աշխատանքային ծրագրին։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԲԱՑՈՒԱԾ ԿՐԱԿԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԵՐԷԿ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ

​Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ տեղի ունեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները թիրախաւորեցին Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերը։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ՉԷ

«Լը Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումի մը։
«Մենք մշտապէս յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու՝ հակառակ Արցախի դէմ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուած հսկայական աջակցութեան։ 

ԱՊՐԻԼԻՆ ԱՅԼԵՒՍ ԼՈՒԾՈ՞ՒՄ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ երէկ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի վերջաւորութիւնը աւարտած պիտի ըլլան ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան ուղղեալ աշխատանքները։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՀԻԿԻ ՀԵՏ

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի վարիչներէն Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճը եւ Վարդան Մառանճը երէկ այցելութիւն մը տուին Կարմիր մահիկի Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմէտ Ուղուրէլլիին։ Զրոյցի ընթացքին անոնք առաջին հերթին փոխանցեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։

ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Փաշինեան եւ Ալիեւ յաջորդ ամիս պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան գագաթին:
Երեւեան-Պաքու ուղիղ կապ մը գործել կը սկսի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ:

ՔԱԼԸՆ-ՍԱԼԸՎԸՆ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճեք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական կապերը, պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան համաշխարհային ու տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ։

Էջեր