ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿՐԿՆԵՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ նշեց, որ Անգարա պատրաստակամ է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
Ազգային մեծ ժողովէն ներս, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ելոյթ մը ունեցաւ ծրագրաւորման ու պիւտճէի յանձնաժողովի նիստին ժամանակ, մինչ կը քննարկուէր 2022 թուականի պիւտճէի նախագիծը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը անկայուն է Ատրպէյճանի ապակառուցողական գործողութիւններու հետեւանքով։ «Հակառակ, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի յայտարարութիւնով վերջ տրուած է ռազմավարական գործողութիւններուն, իրավիճակը կը մնայ անկայուն։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան անպատասխան թողած է իր երկրի կողմէ ներկայացուած՝ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու վերաբերեալ առաջարկը։ Պաքուի 8-րդ կլոպալ համաժողովին ժամանակ Ալիեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր հարթակի ստեղծումը, բազմակողմանի տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կը բխի տուեալ ձեւաչափի ենթադրեալ բոլոր մասնակիցներու շահերէն։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կողմնակից է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու առաջարկին՝ տարածաշրջանային նմանօրինակ խորհրդատուական դրութիւն մը ստեղծելու շուրջ։
Երեւան ռազմավարական երկխօսութիւն կը վարէ՝ Ուաշինկթընի հետ կապերու զարգացման միտումով:
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հերթական անգամ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու մօտակայքին անհրաժեշտ է անվտանգութեան գօտի ձեւաւորել։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը կը շարունակուի, սակայն, դժբախտաբար, իր այցելութիւնը կ՚ուղղորդուի առողջական վերիվայրումներով։ Ճամբորդութեան սկզբնական փուլին Յունաց Պատրիարքը Ուաշինկթընի մէջ հիւանդանոց փոխադրուելով կարճ դարմանումի մը ենթարկուած էր։
ԻՒՆԷՍՔՕ որոշեց Մենտելէեւի անունով հաստատուած միջազգային մրցանակը շնորհել երկու գիտնականներու, որոնցմէ մին հայ է։ Անոնք են Եուրի Յովհաննիսեան եւ Վինչենցօ Պալցան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթ մը ունեցաւ COP26 համաժողովին, Կլասքով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտի առաջին տարելիցը կը մօտենայ։