ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՖՐԱՆՍԱ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլիզէի պալատին մէջ այսօր նախատեսուած է Փաշինեանի եւ Մաքրոնի հանդիպումը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։
Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակէ մնալ միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը։ Երէկ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցաւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը, զուգահեռաբար մարդասիրական հրադադար հաստատուեցաւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ուքրայնայի պատերազմական գործողութիւններով պայմանաւորուած թէժ իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ այս ամենաբարձր մակարդակի շփումը՝ մինչ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր յամառօրէն կ՚առաջարկէ՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ միջնորդի դեր կատարել։
Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի 27-րդ առաջնութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Այս կապակցութեամբ Չավուշօղլու ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ համահունչ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսով։
Աշխարհի վրայ կենսունակութեան հիմնական ցուցիչը շարժն է։ Եթէ երկրագունդը ինքնին նոյնաժամանակ երկու շրջանի մէջ է իր իսկ առանցքին եւ արեւուն շուրջ, ապա մարդը ինչպէ՞ս կրնայ անշարժ մնալ անոր վրայ։ Տեղափոխութիւնը վաղուց եղած է հաւաքական կեանքի մղիչ ուժը՝ շատ յաճախ դառնալով մեծ գործօն մը, որ պայմանաւորած է քաղաքակրթութեան սլացքը։ Շարժը նաեւ կը ձեւէ անհատը՝ նորութիւններու եւ զանազանութիւններու յորձանուտին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերու գծով նորանշանակ պետական նախարար Ճէյմս Քլեվըրլիի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վահագն Խաչատուրեան Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ: