ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Սթրազպուրկի մէջ յայտարարեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ, մօտաւոր ապագային Թուրքիա պիտի այցելէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։
Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 2024 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի վիճակահանութիւնը։ D խմբաւորումը գոյացաւ հինգ ազգային հաւաքականի մասնակցութեամբ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին տեսակէտէ նախընթաց օր Փրակի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը շարունակեն յատկանշական մնալ ու պայմանաւորել այժմու օրակարգը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համատեսքով կարեւորեցին ուղիղ շփումներն ու բարձր մակարդակի հանդիպումները՝ կարծիքներ փոխանակելով նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն շուրջ:
«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Սահմանի երկայնքով ԵՄ առաքելութիւն պիտի իրականացնէ»:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի առաջին դէմքերու միջեւ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ ֆութպոլային դիւանագիտութեան շրջանէն ի վեր առաջին երես-երեսի տեսակցութիւնը:
Söyleşimizin genelinde dikkatler İstanbul ikinci bölge üzerinde yoğunlaşıyor. Hem kronolojik olarak ilk oylamanın Ortaköy Vakfı için yapılıyor olması hem de bölgenin yoğunluğu bu durumu anlaşılır kılıyor.
Ատրպէյճան երէկ Հայաստանին յանձնեց 17 ռազմագերի։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցան անոնց անունները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ