ԿՈՉ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
Նիկոլ Փաշինեանէն վերջ Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան զեկոյցին մէջ անդրադարձ՝ Ատրպէյճանի բանակի անմարդկային վերաբերմունքին:
Նիկոլ Փաշինեանէն վերջ Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան զեկոյցին մէջ անդրադարձ՝ Ատրպէյճանի բանակի անմարդկային վերաբերմունքին:
Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը այս շրջանին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Այդ համաձայնութեան զուգահեռ՝ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը Ռիատ այցելել հրաւիրեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի մէջ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) յարկին տակ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապէն ու Մուսա լեռնէն հայրենաբնակ երիտասարդներու, տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյթ մը, մեզմէ ի պատիւ Յակոբ Չոլաքեանի, որ մեզմէ շատերուս համար յայտնի անուն մըն է։
Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Պլինքընի հետ, Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ Լաւրովի կողմէ:
Մինչ Արցախի պաշարումը արդէն 100-րդ օրը լրացուցած է՝ Հարաւային Կովկասէ ներս հարցականները կը շարունակեն կուտակուիլ:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Նիքոս Տենտիաս երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ:
Թուրքիա եւ Յունաստան որոշած են միջազգային բեմահարթակի վրայ զարգացնել իրենց համագործակցութիւնը:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը։ Պետական այցելութիւն մըն է այս մէկը, որու ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ գործադրուած արարողակարգով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կ՚ընդունուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս այցելութեան ընդառաջ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ։
Չավուշօղլու Շիւքրիի հետ հանդիպման զուգահեռ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ապտուլլահիանի հետ՝ անդրադառնալով Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն:
Վերջին շրջանի ձիւնահալին ի շարունակութիւն Անգարա-Գահիրէ բնականոնացման գործընթացը յառաջ կը տարուի՝ Ռիատ-Թեհրան առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութեան պայմաններուն ներքեւ:
Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնայ՝ որպէս իր տարածքին մասը:
Երեւան կը շեշտէ, որ Պաքու ամէն ձեւով արգելք կը հանդիսանայ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան՝ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկելով տարածաշրջանի կացութիւնը։