ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐԳԵԼՔԸ ՎԵՐՑՈՒՑ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս երէկ հասած լուրերը եկան սահմանել նոր փուլ մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կը սկսին օդային ուղիղ բեռնափոխադրումները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
AYLİN KOÇUNYAN
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց Արցախի առկայ պաշարման դէմ։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ երէկուան դրութեամբ Լաչինի միջանցքը արդէն 23 օրէ ի վեր փակ կը գտնուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Ժողովի ընթացքին արժեւորուեցան երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։
Ներկայ տարեմուտի դրութեամբ տխուր եւ ցաւալի լուր մը հասաւ Երեւանէն. ոչ եւս է յայտնի բժիշկ Կամօ Տէր-Պետրոսեան, որ հարազատ եղբայրն է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի։
Անգարա-Երեւան-Դամասկոս առանցքին վրայ 2023 թուականին շփումները պիտի շարունակուին:
Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւնները տարեմուտի դրութեամբ կը բնորոշուին բանավէճի մթնոլորտով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ