ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱԳԱՀ
Մինչ ընտրութիւններուն զուգահեռ երկրի ղեկավարութեան նոր դէմքերը յայտնի դարձած են եւ Թուրքիա ներկայիս տնտեսական գետնի վրայ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, երէկ երեկոյեան Կեդրոնական դրամատան համար նշանակուեցաւ նոր նախագահ մը։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նոր կազմը Անգարայի մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն այսօր ժողով մը կը գումարէ Երեւանի մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, յառաջիկայ երկուշաբթի, յունիսի 12-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ նախատեսուած բանակցութիւնները յետաձգուեցան։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Ֆրանսայի մէջ երէկ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ պոռթկումի պատճառ դարձաւ։ Այսպէս, Ալպեան լեռնաշղջայի լանջի Անսի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յարձակում մը։
Արարատ Միրզոյեան Հաքան Ֆիտանը շնորհաւորեց՝ արտաքին գործոց նախարար նշանակուելու առթիւ:
Ըստ Միշուսթինի, նոր ենթակառուցուածքային երթուղիներու ստեղծումը կը բխի տարածաշրջանի շահերէն:
Տնտեսութեան բնագաւառի մարտահրաւէրները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ հրատապ օրակարգը։ Յետընտրական շրջանին իշխանութիւնները արդէն կը պատրաստուէին այս ոլորտին մէջ ազդու քայլերով հանդէս գալ։
Ազգային մեծ ժողովը արդէն կը ձեւաւորէ իր նոր շրջանի դիւանը։ Երէկ, խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Նուման Քուրթուլմուշ, որուն թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի կողմէ։ Քուէարկութեան առաջին երկու փուլերուն ան չկրցաւ ապահովել անհրաժեշտ 400 ձայնը։