ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՎԱՐԿ
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ վերականգնուող ուժանիւթի հեռանկարային ոլորտի պարագային։ Երէկ, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ ելմտական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որու ծիրէն ներս Գերմանիա 12 միլիոն եւրօ վարկ պիտի յատկացնէ Հայաստանին՝ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտը զարգացնելու նպատակով։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր արտահերթ նիստ մը կը գումարէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին ընդառաջ:
Յառաջիկայ տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ներքին քաղաքական օրակարգը դարձեալ կեդրոնացած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պարագային նախատեսուած ընտրապայքարին վրայ։ Երէկ, այժմու գլխաւոր քաղաքապետը՝ Էքրէմ Իմամօղլու յայտարարեց, որ Իսթանպուլը պաշտպանելու համար վերստին ճանապարհ դուրս կու գայ։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Լաչինի միջանցքի առկայ վիճակին կապակցութեամբ։ Թուրքիա այս հարցին վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումէն վերջ։
Պաշարեալ Արցախին համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս դիմեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով արտահերթ նիստ մը գումարելու պահանջով Հայաստան պաշտօնական պահանջ ներկայացուց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։
Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Օսման Աշքըն Պաք երէկ երեկոյեան այցելեց Գնալը կղզի, ուր մասնակցութիւն բերաւ՝ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ կազմակերպուած մարզական խրախճանքին։ Նախարարին ընկերացաւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ մտահոգիչ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան նաեւ Լեհաստան-Սպիտակ Ռուսիա սահմանին վրայ։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Լեհաստան կը հանդիսանայ Ուքրայնայի մեծագոյն պաշտպանը։