ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԳԻՒՂԱԳԻՐ ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ
Յայտնի գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան երէկ երեկոյեան յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Մեծ կղզիի մէջ։ Մկրտիչ Մարկոսեանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Չելիք Կիւլերսոյ» մշակոյթի կեդրոնի համալիրէն ներս։