ԴԺԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան BBC-ին հարցազրոյց մը տալով ըսաւ.
«Ատրպէյճան կրնայ յայտարարել, որ շահագրգռուած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջացնելով, սակայն, դժբախտաբար, բառերը բաւարար չեն՝ մենք պէտք է կեդրոնանանք գործերու վրայ։
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը այլեւս որեւէ ռազմական նպատակ չունի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ երբեւէ չէ եղած տարբերակ մը, որով առաջարկուած է խնդրի լուծումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալեց միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորտ Էրոն, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յստակ արդիւնքներ ապահովուած են՝ շնորհիւ Թիֆլիզի խաղաղութեան նախաձեռնութեան։ Վրաստանի կառավարութեան 2023 թուականի գործունէութիւնը ամփոփելու ժամանակ Իրակլի Ղարիպաշվիլի շեշտեց, որ տարածաշրջանէն ներս Վրաստան սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Աթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարեց, որ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ զգալի քայլերու ձեռնարկուած են։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը:
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնը կ՚ընդլայնէ իր նախաձեռնութիւնները՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան թուայնացման ճանապարհին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կեդրոնը հետամուտ է թուայնացեալ հայկական պատմամշակութային վայրերու արխիւը հարիւրաւոր կոթողներով համալրելու նպատակին։