NETFLIX-Ի ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ
Հայաստանի մէջ NETFLIX-ի համար պիտի նկարահանուին ժապաւէններ ու ֆիլմաշարեր։ Հայաստանի Ազգային ժողովի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեան տեղեկացուց, որ Գերմանիայէն յայտնի դերասան ու արտադրիչ Թիլ Շվայկեր վերջերս այցելած է Երեւան։
«Արմէնփրէս»ի հիմնադրութեան 105-րդ տարեդարձին առթիւ ցուցահանդէս. «Դարու վաւերագրութիւն»:
Եւրոմիութիւնը որոշեց Թուրքիոյ վերաբերեալ քննարկումները յետաձգել յառաջիկայ մարտի գագաթաժողովին:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պուտափեշտ այցելեց՝ Թուրքիա-Հունգարիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակին առթիւ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ նախագահ Քաթալին Նովաքի եւ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կողմէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան վերջերս կարեւոր յօդուած մը ստորագրեց «Իրնա» լրատուական գործակալութեան համար։ Իրանի պաշտօնական գործակալութեան կայքէջին վրայ տեղ տրուեցաւ այս յօդուածին, որու մէջ Վահան Կոստանեան խորհրդածութիւններ ըրած է՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ «Ֆ-16» կործանիչներու եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խնդիրներուն առընթեր, զրուցակիցները առանձնապէս անդրադարձան Կազզէի եւ Արեւմտեան Շէրիայի կացութեան։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան:
Ուաշինկթըն կ՚ողջունէ Անգարայի դերը՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
Ծնունդն ու մահը անկախ են մարդուս կամքէն, իսկ անոնց միջեւ ձգուած կեանքը, տեսականօրէն, կը տնօրինուի ենթակային կողմէ։ Որքան որ ալ բացառութիւնները շատ ըլլան՝ կեանքի ընթացքին գոնէ բազում նախընտրութիւններ կախում ունին տուեալ անձէն։