ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պատանդ առնուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած է, շաբաթավերջին իր ընտանիքին միջոցաւ փոխանցեց վճռական պատգամներ։ Ռուբէն Վարդանեան, որ միեւնոյն ժամանակ յայտնի գործարար ու բարերար մըն է, նաեւ ազդու հասարակական գործիչ մը, ներկայիս հացադուլի սկսած է։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կը գլխաւորուի Հանրապետութեան նախորդ՝ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, շաբաթավերջին հանդէս եկաւ երկու յայտարարութիւններով, որոնցմէ մին կը վերաբերի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի Արցախէն վաղաժամ հեռացման։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանազատման բանակցութիւններուն գծով սկզբնական համաձայնութիւն գոյացաւ. Ատրպէյճան կը ստանայ 4 գիւղերը, Հայաստան-Վրաստան ճանապարհի պարագային առ այժմ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր: Յանձնուելիք գիւղերու բնակիչները արդէն փակած են ճանապարհները:
Հանրապետութեան նա-խագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր այս երկուշաբթի պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Հիւր նախագահին ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ Իսթանպուլը։ Արդարեւ, Թարապիոյ մէջ Գերմանիոյ հիւրատան համալիրէն ներս նախատեսուած է ընդունելութիւն մը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խաղաղապահներու հայաթափուած Արցախէն վաղահաս հեռացման զուգահեռ՝ յարակից նոր քայլ մը:
Մոսկուա-Երուսաղէմ «Իմ խաղաղութիւնը կու տամ ձեզի» խորագրեալ միջկրօնական համաժողով:
Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ խտացեալ շփումները կը շարունակուին՝ Պաքուի բողոքներով հանդերձ: